ՀՀ Վարչապետը Մասնակցեցաւ Թրամփի Կողմէ Տրուած Ընդունելութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր տիկինը՝ Աննա Յակոբեան մասնակցեցան Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն ի պատիւ տրուած ընդունելութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու զուգահեռ, ունեցաւ նաեւ քաղաքական կողմնակի հանդիպումներ։

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ հանդիպումին վարչապետ Փաշինեան հաստատեց, որ Հայաստանի համար կարեւոր են Յունաստանի հետ թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով գործընկերութիւնը, եւ թէ Եւրոպական միութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութիւնը: Ըստ անոր՝ երկու երկիրներուն բարեկամական կապերը եւ բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւնները լաւ հիմք են տնտեսական, ինչպէս նաեւ միւս ոլորտներուն մէջ փոխշահաւէտ կապերու զարգացման:

Յունաստանի վարչապետը նկատել տուաւ, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդները կը միաւորուին պատմական կապերով, եւ երկկողմանի քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը պէտք է օգտագործել՝ միւս ուղղութիւններով եւս փոխգործակցութիւնը խորացնելու համար:

Վարչապետները քննարկեցին երկկողմանի գործակցութեան զարգացման հարցեր, անդրադարձան տնտեսական կապերու աշխուժացման կարելիութիւններուն, միտքեր փոխանակեցին տնտեսութիւններու ներկայի վիճակին շուրջ: Անոնք նշեցին, որ առկայ է տնտեսական նշանակալի ներուժ, եւ պէտք է աշխուժ կերպով աշխատիլ զայն առաւելագոյնս օգտագործելու եւ գործնականացնելու: Ընդգծուեցաւ, որ Երեւան-Աթէնք ուղիղ օդային հաղորդակցութիւնը, որ արդէն կը գործէ, կը նպաստէ առեւտրատնտեսական գործակցութեան եւ զբօսաշրջային կապերու զարգացման: Կողմերը անդրադարձան նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ծաւալած համագործակցութեան՝ զայն գնահատելով արդիւնաւէտ:

Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատեց Յունաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ: Յունաստանի վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի աջակցութեան՝ Կիպրոսի հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ Յունաստանի եւ Կիպրոսի ջանքերուն։

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիշին հետ՝ նշելով, որ Չեխիան Հայաստանի լաւ գործընկերն է, եւ Հայաստանը հետաքրքրուած է երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան խորացմամբ:

Անտրէյ Պապիշին, իր կարգին, ըսաւ, որ Չեխիան եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ ձեւաչափերով յարաբերութիւններու խորացումը եւ պատրաստ է քննարկելու այդ ուղղութեամբ հետագայ միացեալ քայլերը: Զրուցակիցները անդրադարձան տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն։

Հայաստանի վարչապետը նաեւ տեսակցեցաւ Գանատայի նախկին վարչապետ Ժան Քրեթէյնի հետ, որ այս տարի կը գլխաւորէ Գանատայի պատուիրակութիւնը՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ արդիւնաւէտ երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ կարեւոր է այդ կապերուն շարունակական զարգացումը:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող արմատական բարեփոխումներուն, որոնք կը միտին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ հզօրացման: Այս գործընթացին մէջ, վարչապետ Փաշինեանի համաձայն, միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը՝ միացեալ ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով, նոյնպէս օգտակար պիտի ըլլայ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական, մասնաւորաբար, ենթակառուցուածքներու, նորարարութիւններու, կենսաթոշակային շուկայի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի եւ Գանատայի մնայուն ներկայացուցիչներու մակարդակով շարունակել քննարկումները՝ յստակ ծրագիրներու շուրջ: