Փաշինեանը Կառավարութեան Ամենակարեւոր Հարցը Պետական Կառավարման Որակի Բարձրացումը Կը Համարէ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի կառավարութեան առաջին ամենակարեւոր հարցը կը համարէ պետական կառավարման որակի բարձրացումը: ՀՀ վարչապետը, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին ըսած է Նիւ Եորքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ պատասխանելով ներկաներէն մէկուն հարցին:

«Առաջին ամենակարեւոր հարցը պետական կառավարման որակը բարձրացնելն է: Տեսէք, մենք կ՝ըսենք կաշառակերութիւն, չէ՞: Մենք կաշառակերութիւնը կ՝ընկալենք իբրեւ դրամ աշխատելու վատ համակարգ: Բայց իրականութեան մէջ կաշառակերութիւնը նաեւ կառավարման համակարգ է: Հիմա երկու զուգահեռ օրինակ բերեմ նախկին կաշառակեր մեծահարուստներու եւ այսօր պետական կառավարման համակարգին մէջ աշխատող այդ նոյն մեծահարուստին, որ հիմա գիտէ, որ ինքը պէտք չէ կաշառակերութեամբ զբաղի, որովհետեւ հակառակ պարագային պիտի ձերբակալուի, դատուի: Նախապէս, երբ որեւէ թղթապանակ կը յայտնուէր իր սեղանին, ինքը գիտէր, որ այդ թղթապանակը արագ տանի, պտտի, ստորագրած ետ բերէ, ատոր իբրեւ արդիւնք պիտի ստանայ, օրինակ, 100 տոլար: Եւ ատիկա իրեն համար շատ յստակ խթան էր, որ ինքը երթայ, արագ կարգաւորէ, գրէ, բերէ, այն, ինչը պակաս է, դնէ մէջը: Հիմա թղթապանակը իր սեղանին է, ինքը նստած է, կ՝ըսէ՝ բայց ես մէջը ի՞նչ ունիմ: Ու թղթապանակները այդպէս ամիսներով կը մնան սեղաններուն, որովհետեւ ինքը շահագրգռութիւն չունի, նաեւ նեղուած է, որ այս կառավարութիւնը կամ այս վարչապետը փակած է իր կողմնակի եկամուտին ճանապարհը: Հիմա մեր խնդիրը այդ թղթապանակի արագ շրջանառութեան հարցը լուծելն է: Բայց ինչպէ՞ս լուծել զայն: Քանի որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն արդիւնքները միշտ կեղծուած են, եւ որպէսզի խումբեր, ձայներ հաւաքեն, շատ մարդ ընդունուած է աշխատանքի՝ մեկնելով նախընտրական տարբեր նպատակայարմարութիւններէ: Այդ մարդիկ մասնագիտական չափանիշներուն չեն համապատասխանած, ոչ մէկ բանի չեն համապատասխանած, իրենք ուղղակի այդտեղ ընդունուած են գործի, եւ իրենք կը շարունակեն այդտեղ մնալ գործի: Պետական կառավարման համակարգին մէջ կան նաեւ լաւ մասնագէտներ, բայց այս լաւ մասնագէտները ունին խնդիր: Այն աշխատավարձը, որ հիմա պետութիւնը իրենց կը վճարէ, շատ ցած է, եւ իրենք կրնան շատ աւելի բարձր աշխատավարձով աշխատիլ մասնաւոր հատուածներու մէջ: Լաւ մասնագէտները պետական կառավարման համակարգէն կ՝երթան, որովհետեւ ժամանակ մը կողքէն դրամ կու տային, հիմա չեն տար»,- նշած է վարչապետը:

Անոր խօսքով՝ այս հարցը լուծելու համար հարկաւոր է բարձրացնել աշխատավարձը:

Վարչապետի կարծիքով մեր տնտեսութեան մէջ խնդիր չունինք, որովհետեւ մեր տնտեսութեան մէջ շատ լաւ, դրական շարժ կը նկատուի: «Եւ մեր տնտեսութեան շուրջ միջազգային կառոյցներու կանխատեսումները անգամ անընդհատ կը փոխուին դէպի դրական, եւ մենք այս տարի արդէն կը սպասենք, որ տարուան արդիւնքներով մեր տնտեսական աճը ըլլայ 6.9-7 տոկոս: Ասիկա շատ լաւ ցուցանիշ է, սակայն ասիկա այն խնդիրը չէ, ինչ մենք մեր առջեւ դրած ենք: Աշխատանքային մակարդակով մեր առաջ խնդիր դրուած է, որ մեր տնտեսական աճը պէտք է ըլլայ 8 տոկոս, 9 տոկոս, 10 տոկոս: Երկնիշ պէտք է ըլլայ տնտեսական աճը, որպէսզի մենք մեր կորսնցուցածը ետ բերենք»,- մանրամասնած է վարչապետը:

Ան ընդգծած է, որ պետական կառավարման համակարգի որակը փոխելու քայլ պիտի ըլլայ նաեւ հանրային ծառայութիւնների թուայնացման խնդրի լուծումը: