Ռումանիոյ Պագաու Քաղաքի Եռագոյն Հրապարակին Վրայ Կայացած է «Հայաստան» Փառատօնը

Սփիւռք

Ռումանիոյ Պագաու քաղաքին մէջ, Պագաուի քաղաքապետարանի հովանիին ներքոյ, Սեպտեմբեր 13-15, իրականացուած է «Հայաստան» հայկական փառատօնը, որ կազմակերպուած է Ռումանիոյ Հայոց Միութեան Պագաուի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին յայտնած են Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։

Փառատօնը նուիրուած էր Ռումանահայոց միութեան 100-ամեայ յոբելեանին:

Երեք օր շարունակ՝ Պագաուի Եռագոյն հրապարակին վրայ՝ տեղի հասարակութեան եւ հիւրերուն ներկայացուած է հայկական մշակոյթը, երգն ու պարը: Փառատօնին հայկական ժողովրդական, ժամանակակից եւ ճազ երաժշտութեան կատարումներով հանդէս եկած են երգիչ Ժան Սմբատեանը, ինչպէս նաեւ տուտուկի վարպետ Գոսմին Ռաֆաէլ Պալեանը: Ունկնդիրները հմայած են ռումանահայ հանրաճանաչ ճազ նուագողներ Հարրի Դաւիթեանի եւ Գաբրիէլ Տէտէյեանի փայլուն կատարումները: Հայկական պարարուեստը ներկայացուցած են Պուխարեսթի Վարդավառ, Կոնստանցայի Նայիրի եւ Տուլչա Բազմազան պարախումբերը:

Ռումանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մինասեան՝ իր ողջոյնի խօսքին մէջ՝ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռումանահայոց միութեան ղեկավարութեան ու Պագաուի մասնաճիւղի նախագահ Յակոբ Վասիլէին նման հայկական փառատօն կազմակերպելու համար` նշելով, որ հերթական առիթը ընձեռուած է տօնելու Ռումանահայոց միութեան 100-ամեակը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը եւ Ռումանահայոց միութեան Պագաուի մասնաճիւղի նախագահը:

Փառատօնին մասնակցած են Ռումանիոյ տարբեր քաղաքներէ ժամանած բազմաթիւ հայեր եւ ռումանացիներ։ Եռագոյն հրապարակի ողջ երկայնքով գործած են տաղաւարներ, ուր ներկայացուած են հայերէն եւ հայերուն առնչուող գրականութիւն, ձեռագործ աշխատանքներ, հայկական խմիչքներ, սուրճ, յուշանուէրներ եւ այլն։