Հայ Դատը Ուաշինկթընի Հետ Կը Քննէ Արցախի Տագնապին Խաղաղ Լուծում Մը Գտնելու Կարելիութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները վերջերս մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելով Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ եւ ժողովրդավար խաղաղութեան համաձայնագիրի մը հասնելու կարելիութիւնները։

Հանդիպման ներկայ էին նախարարութեան Կովկասի հարցերու եւ շրջանային տագնապներու գրասենեակի վարիչ Շերըլ Ֆերնանտեզ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շոֆըր, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան եւ կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան։

«Հայ Դատին համար կարեւոր է ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ յատկապէս կարեւոր կը նկատենք Արցախի տագնապին շինիչ լուծում մը գտնելու խորհրդակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել Արցախի խաղաղութիւնը, Արցախի քաղաքացիներուն բարօրութիւնը եւ բարգաւաճումը», կը յայտնէ Համբարեան՝ աւելցնելով. «Գիտակցելով, որ խաղաղութեան բանակցութեանց սեղանին վրայ յառաջդիմութիւն ապահովելու համար կարեւոր է կայունութիւն հաստատել գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգները եւ ԵԱՀԿի մէջ մեր գործակիցները պէտք է աւելի կտրուկ կերպով մօտենան Ատրպէյճանի բռնարարքները եւ սպառնալիքները զսպելու ջանքերուն։ Նաեւ, յաւելեալ միջոցներու պէտք է դիմուի՝ պարտադրելու համար Ատրպէյճանին, որ ընդունի քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի կողմէ առաջադրուած այն պայմանները, որոնց նպատակն է զինադադարը պարտադրել, ինչպէս նաեւ պէտք է փոփոխութեան ենթարկել Մատրիտեան թերի եւ ձախողած սկզբունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ երկարատեւ եւ ժողովրդավար խաղաղութեան»։

Յիշեցնենք, որ առաջին անգամ 2015-ին առաջադրուած՝ քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի պայմանները կը պահանջեն արձակազէնները եւ ծանր ու արդիական զէնքերը հեռացնել շփման գիծէն, հաստատել նախայարձակը բացայայտող համակարգեր եւ ԵԱՀԿի դէտերու թիւը աւելցնել։