Հանրածանօթ Ջութակահար Արա Մալիքեան Ելոյթներ Պիտի Ունենայ Աթէնքի Մէջ

Սփիւռք

Մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի տէր, հան­րա­ծա­նօթ ջու­թա­կա­հար Ա­րա ­­Մա­լի­քեա­ն, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ե­լոյ­թներ պի­տի ու­նե­նայ ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ, Ուր­բաթ՝ 27 ­եւ ­Շա­բաթ՝ 28 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ին, Ա­թէն­քի «­­Փալ­լաս» հա­մեր­գաս­րա­հէն ներս, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի «­­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Ա­րա ­Մա­լի­քեան ծնած է 1968ին, ­Լի­բա­նա­նի մէջ։ Հայ­րը ջու­թակ նո­ւա­գած է եւ Ա­րա­յին դա­սա­ւան­դած է իր ման­կա­կան տա­րիք­նե­րէն։ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, երբ ըն­տա­նի­քը ստի­պո­ւած ե­ղած է եր­կար ժա­մա­նակ ապ­րիլ ա­պաս­տա­րան­նե­րու մէջ, Ա­րան շա­րու­նա­կա­բար ջու­թակ նո­ւա­գած է եւ իր տա­ղան­դը ցոյց տո­ւած է։

Իր ա­ռա­ջին մեծ հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ 12 տա­րե­կա­նին, իսկ 14 տա­րե­կա­նին խմբա­վար ­Հանս ­Հեր­պերտ Եո­րի­սի միջ­նոր­դու­թեամբ, Ա­րան գեր­մա­նա­կան պե­տու­թեան կող­մէ կրթա­թո­շակ ստա­ցաւ, ու­սա­նե­լու հա­մար ­Հա­նո­վե­րի ե­րաժշ­տու­թեան եւ թատ­րո­նի բարձ­րա­գոյն դպրո­ցէն ներս։ 15 տա­րե­կա­նին ան ա­մե­նաե­րի­տա­սարդ ու­սա­նողն էր, որ ըն­դու­նո­ւած էր այս հաս­տա­տու­թեան մէջ։ ­Հե­տա­գա­յին, ան շա­րու­նա­կեց իր կրթու­թիւ­նը ­Լոն­տո­նի ­Կիլտ­հոլ ե­րաժշ­տու­թեան եւ տրա­մա­յի դպրո­ցին մէջ, զու­գա­հե­ռա­բար ու­սա­նե­լով աշ­խար­հահռ­չակ փրո­ֆէ­սոր­նե­րու մօտ, ինչ­պէս՝ Ֆ­րան­քօ ­Գու­լին, Ռու­ճե­րօ ­Ռի­չին, Իվ­րի ­Գիտ­լի­սը, ­Հեր­ման Գ­րե­բեր­սը եւ «Ալ­պա­նա ­Բեր­գի» քա­ռեա­կի ան­դամ­նե­րը։

Ան ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցած է մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող բազ­մա­թիւ մրցոյթ­նե­րու, ստա­նա­լով ա­ռա­ջին մրցա­նակ­ներ, ինչ­պի­սին են՝ ­Ֆե­լիքս ­Մեն­տել­սոն (­Պեր­լին, 1987) ­Բապ­լօ Սա­րա­սա­տէ (­Բամպ­լո­նա, 1995)։ ­Մա­լի­քեան մրցա­նակ­ներ ստա­ցած է ­Նի­քո­լօ ­Փա­կա­նի­նիի (­Ճե­նո­վա), ­Զի­նօ Ֆ­րան­չես­քա­թիի (­Մար­սէյ), ­Ռո­տոլ­ֆօ ­Լի­պե­զե­րի (­Կո­րի­ցիա), ինչ­պէս նաեւ Պելկ­րա­տի, ­Լը ­Մա­նի, ­Նիւ Եոր­քի եւ ­Ճա­փո­նի մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան մրցոյթ­նե­րուն: 1993ին ­Գեր­մա­նիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մրցա­նակ ստա­ցած է նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան եւ լա­ւա­գոյն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կա­տար­ման հա­մար:

Ան նո­ւա­գած է հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րու ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րու հան­րա­ծա­նօթ հա­մեր­գաս­րահ­նե­րու մէջ՝ ­Նիւ Եորք (Carnegie Hall), ­Փա­րիզ (Salle Pleyel), ­Վիեն­նա (Musikverein), ­Թո­րոն­թօ (Ford Center), ­Գա­լաո­ռայ (Ideal Theatre), ­Մատ­րիտ ( Royal ), ինչ­պէս նաեւ ­Ցիւ­րի­խի, ­Լոն­տո­նի, ­Կա­տի­սի, ­Թո­քիո­յի, ­Պոլ­սոյ, ­Պեր­լի­նի, ­Վե­նե­տի­կի, ­Լոս Ան­ճե­լը­սի, Հոնկ ­Քոն­կի, ­Քո­ւա­լա ­Լում­բու­րի, ­Պո­քո­թա­յի, ­Միւ­նի­խի, ­Պար­ցե­լո­նա­յի եւ այլ հա­մեր­գաս­րահ­նե­րու մէջ:

Հ­րա­պա­րա­կած է մեծ թի­ւով ձայ­նապ­նակ­ներ։

Ա­թէն­քի հա­մեր­գին հա­մար, «­­Հա­մազ­գա­յին»ի կող­մէ կա­տա­րո­ւած յա­տուկ դա­սա­ւո­րու­մով, կա­րե­լի է տոմ­սեր ա­պա­հո­վել 20% զեղ­չով՝ «­Փալ­լաս» թա­տե­րաս­րա­հի ա­ռա­ջին, երկ­րորդ եւ եր­րորդ բա­ժին­նե­րուն մէջ, (Α, Β, Γ ζώνη) հե­տե­ւեալ կայ­քէ­ջէն՝ https://www.viva.gr/tickets/music/theatro-pallas/ara-malikian/, գոր­ծա­ծե­լով «hamazgayingreece» օ­րի­նա­գի­րը (κωδικός)։