Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հանդիպում Ունեցաւ Հալէպահայ Նահատակներու Ծնողներուն Հետ

Սփիւռք

Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, կէսօրուան ժամը 12։00ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ նահատակներու ծնողներուն հետ:

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները եւ եկեղեցւոյս Թաղական Խորհուրդի անդամները: Սրբազան հայրը խրախուսեց նահատակներու ընտանիքներուն անդամները, յայտնելով թէ տագնապի օրերուն հալէպահայերը եւս զոհեր տուին եւ պատերազմի դառնութիւնը ճաշակեցին: Ան յայտնեց, որ հաւաքը կը նպատակադրէ նահատակներուն յիշատակը յարգել եւ անոնց համար աղօթել: Մտերմիկ հանդիպումը մղիչ ուժ հադիսացաւ յուսադրուելու եւ վերանորոգ թափով ապրելու կամքով զինուելու: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ անժամանակ մահուան գոյժերը եւ տխրահռչակ դէպքերը սուգի մատնած էին հալէպահայերը: Բնականաբար մնացողները բաժանումի կարօտով ապրեցան, վշտակիր եղան, սակայն կրցան տոկալ եւ նեղութեանց մէջ համբերել: Աստուծոյ կամքով հալէպահայը կառչած մնաց իր ինքնութեան եւ հաւատքին: Ուստի, այս առիթին ընդմէջէն միասիրտ կը պատուենք նահատակ հայորդիները, որոնց նկատմամբ մեր կապուածութիւնը պիտի մնայ անքակտելի:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ առնուեցան յիշատակի նկարներ:

Թող պայծառ մնայ նահատակներուն յիշատակը: Աստուած Սուրբ Հոգիով մխիթարէ անոնց պարագաները: