Սեպտեմբեր 13. Արամ Մանուկեանի Հրահանգը Եռագոյնի Մասին

Հայաստան

13 սեպտեմբեր, 1918 թուականին ՀՀ ներքին գործերու նախարարի հրահանգը եռագոյն դրօշակը գործածելու մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական-կառավարական հիմնարկութիւնները պէտք է ունենան եւ կրեն Հանրապետութեան դրօշակ հետեւեալ գոյներով, ըստ կարգի վերէն վար՝ կարմիր, կապոյտ, դեղին։

Յայտնելով այս մասին, կ’առաջարկեմ անմիջապէս կիրառել սոյն հրահանգը եւ հետեւիլ անոր անթերի իրագործման։

Ներքին գործերու նախարար՝ ԱՐԱՄ

Կռավարութեան լրաբեր, 24 Սեպտեմբեր, 1918