Նախագահի նստավայրին Մէջ Բացուեցաւ Հանրայայտ Հայ Լուսանկարիչներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայկական առաջին միջազգային լուսանկարչական փառատօնի ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ Սեպտեմբեր 12-22 պիտի գործէ «Հայ լուսանկարչութեան պատմական ժառանգութիւնը» խորագիրը կրող բացօթեայ ցուցահանդէսը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ կարեւոր համարեց նման ցուցահանդէսներ կազմակերպելը: Ըստ նախագահին`  լուսանկարչութիւնը արդի աշխարհի անբաժան մասը դարձած է. մարդոց մեծ մասը այդ մասնագիտութիւնը ունի, սակայն կը մոռնայ, որ իրականութեան մէջ լուսանկարչութիւնը, նախ եւ առաջ, մեծ արուեստ է:

Անդրադառնալով հայ լուսանկարիչներուն` Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ լուսանկարչութիւնը հսկայական աւանդոյթներ ունեցած է եւ ունի, ինչպէս նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային լուսանկարչական մարզին մէջ:

Բացառիկ ցուցահանդէսին ներկայացուած են համաշխարհային լուսանկարչութեան հայ այնպիսի մեծ վարպետներու գործեր, ինչպիսիք են Եուսուֆ Քարշ, Իտա Քար, Արա Կիւլեր եւ այլք:

Հայկական առաջին միջազգային լուսանկարչական փառատօնի հիմնադիր եւ կազմակերպիչ Տաթեւ Մնացականեան լրագրողներուն նշած է, որ ցուցահանդէսը շատ կարեւոր դեր ունի, քանզի ներկայացուած են աշխարհի մէջ յայտնի հայ լուսանկարչութեան ամենաակնառու դէմքերը, որոնք պատմութիւն ստեղծած են իրենց մէկ քատրով:

Լուսանկարները տրամադրած է Անդրանիկ Քոչարի լուսանկարչական թանգարանը, իսկ ցուցահանդէսի հաւաքածոյի մշակման վրայ աշխատած է անուանի լուսանկարիչի որդին` Վահան Քոչարը:

Հայկական առաջին միջազգային լուսանկարչական փառատօնը կ՛իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանի հովանիին տակ պիտի տեւէ մէկ ամիս` մինչեւ Սեպտեմբեր 24: