Մարզիկ Երուանդ Մկրտչեան Ոսկէ ու Արծաթէ Մետալներ Նուաճած է Պուլկարիոյ Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Երուանդ Մկրտչեան ոսկէ ու արծաթէ մետալներ նուաճած է Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Պալքանեան երկիրներու մարզական 72-րդ ախոյեանութեան:

Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:

«1500 մեթր վազքին մէջ գիւմրեցի մազիկը 3:46.00 արդիւնքով գրաւած է առաջին տեղը, իսկ 3000 մեթրին մէջ՝ երկրորդ տեղը 8:18.01 արդիւնքով: 10 մարզիկով ախոյեանութեան մեկնած Հայաստանի խումբի միւս ներկայացուցիչները մետալներ չեն նուաճած: Երուանդ Մկրտչեանի մետալներուն շնորհիւ կանանց եւ տղամարդոց ընդհանուր խմբային հաշուարկին մէջ Հայաստանը 9-րդ տեղը գրաւած է»,- կը յայտնէ ՀԱՈԿ-ը:

Մրցումին մասնակցած են 19 երկիրներու ներկայացուցիչներ: