Հենրիխ Մխիթարեան Միացաւ Իտալական «Ռոմա»-ին

Այլեւայլ, Սփիւռք

Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան մէկ տարի վարձակալութեամբ միացաւ «Ռոմա»-ին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ «Ռոմա»-ի Թուիթըրի պաշտօնական էջը:

Նախապէս «Ռոմա»-ի Թուիթըրի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած էր նկար, որուն մէջ Մխիթարեան բժշկական քննութեան կ՛երնթարկուէր Հռոմի մէջ:

Մխիթարեան «Ռոմա»-ին կը միանայ մէկ տարի վարձակալութեամբ, որմէ ետք «Ռոմա»-ն ֆութպոլիստը «Արսենալ»-էն գնելու իրաւունք կը ստանայ: Կը նշուի, որ Մխիթարեան «Ռոմա»-ի մէջ պիտի ստանայ տարեկան 3.5 միլիոն եուրօ աշխատավարձ:

Հենրիխ Մխիթարեան օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք երջանիկ է: