Համատեղ Ջանքերով Կը Հարթենք 28 Տարի Առաջ Մեր Ընտրած Ուղին. Բակօ Սահակեանի Ուղերձը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 2-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,  Արցախի իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ  ձեզ Արցախի Հանրապետութեան օրուան` մեր կարեւորագոյն պետական տօնին առթիւ:

1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին մեր ժողովուրդը իրականութիւն դարձուց իր բազմամեայ նուիրական երազանքը` ինքնուրոյն տնօրինել սեփական ճակատագիրը, ապրիլ ազատ ու անկախ հայրենիքին մէջ` պահելով ու փայփայելով ազգային արժէքներն ու աւանդոյթները, հաւատքն ու լեզուն: Ատիկա դժուար, բայց եւ պատուաբեր ճանապարհ էր, որ մենք անցանք մայր Հայաստանի ու սփիւռքի մեր քոյրերու ու եղբայրներու հետ ձեռք ձեռքի` միասին յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, միասին կերտելով մեծ յաղթանակներ:

Եւ այսօր ալ մենք համատեղ ջանքերով կը հարթենք 28 տարի առաջ ընտրած մեր ուղին` պաշտպանելով ու զարգացնելով Արցախի Հանրապետութիւնը, հետեւողականօրէն ու շարունակաբար ամրապնդելով մեր անկախ ու ժողովրդավարական պետութիւնը, ամուր հիմք դնելով սերունդներու յուսալի ապագային համար:

Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս յիշարժան տօնին առթիւ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ` ի փառս մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու ժողովուրդի բարօրութեան»: