Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Նախագահները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով Օգոստոս 20-ին լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հանդիպումին արդիւնքները: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, վկայակոչելով «Ռոսիյսքայա Կազեթա» թերթը, Փեսքով նշած է, որ  Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները Պրեկանսոնի մէջ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են շրջանային տագնապները, որոնց կարգին` ղարաբաղեան տագնապը:

Փեսքովի համաձայն, բանակցութիւնները եղած են յագեցած, կառուցողական եւ վստահելի:

Ըստ մամլոյ բանբերին, անդրադարձ կատարուած է շրջանային տագնապներուն` Պալքաններ, Լեռնային Ղարաբաղ, բաւական լուրջ խօսած են կլիմայի փոփոխութիւններու եւ Հիւսիսային բեւեռի իրավիճակին մասին: