Նոր Գիրքերու Հետ. Հայաստանը Թռչող Ոսպնեակով Նկարող Երիտասարդ Մը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Վաղեմի բարեկամներէս մէկը կը զատորոշուի իր կաղանդպապուկեան յատկութեամբ. երբ իրեն այցելեմ, ընդհանրապէս դարակի մը մէջէն դուրս կը բերէ նորատիպ հատոր մը եւ կը պարտադրէ, որ զայն ընդունիմ իբրեւ նուէր: Միակը չեմ, որ կ՛արժանանամ նման հոգածութեան, որովհետեւ բարեկամս մէկ երդուեալ անդամն է հետզհետէ նօսրացող գրասէրներու այն փաղանգին, որ ո՛չ միայն գիրք կը գնէ, այլ նոր հրատարակուած հատորէ մը ձեռք կը բերէ քանի մը օրինակ եւ զանոնք ԿԸ ՏԱՐԱԾԷ` նուիրելով բարեկամներու:

Վերջերս, երբ դարձեալ այցելեցի իրեն, դարանէն դուրս բերաւ նորատիպ ալպոմ մը, որուն կողքին վրայէն կիսովին քողածածկ Արարատ մը ժպտեցաւ աչքերուս. խորագիրն է` «Armenia through my lens – A photographer’s travels», պատրաստուած` երիտասարդի մը կողմէ, որ կը կոչուի Սեւակ Մեհթերեան:

Նուէրը ընդունեցի շնորհակալութեամբ եւ տուն դարձիս սկսայ զայն թերթատել` այն նախատրամադրութեամբ, որ վերջին տասնամեակներուն Հայաստան այցելող եւ հայրենիքին գիւտը ընող երիտասարդներուն շարքին միացած է նոր մը, որ ահա իր նկարչական գործիքին ճամբով պատկերագիրք մը կը յաւելու նման հատորներու շարքին. ողջունելի երեւոյթ…

Առաջին ակնարկով բնականաբար փորձեցի նախատրամադրութիւնս հիմնաւորել, սակայն քանի յառաջ անցայ, հատորին խորագիրը աւելի՛ իմաստ ստացաւ: Ահա՛ երիտասարդ մը, որ ԻՐ ոսպնեակով կը դիտէ հայրենիքը` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ իր տարածքներով: Ան չէ բաւականացած լուսանկարելու աւանդական եղանակներով, այլ հազուադէպ ուրիշներու նման` նախընտրած է երկիրն ու իր բազմապիսի հարստութիւնները երբեմն դիտել բարձրութիւններէ. լուսանկարչական գործիքը ձեռքին, օդանաւով մը կամ ուղղաթիռով մը պտտած է Երեւանէն մինչեւ Էրեբունի, անցած է Ծիծեռնակաբերդի, Սեւանայ լիճի, բազմաթիւ վանքերու եւ պատմական կոթողներու երկինքներէն, հասած է Լոռի ու Սիւնիք-Զանգեզուր. երբեմն թառած է իր «որսերուն» կողքին` նկարելու համար Օշականի այբուբենի քարակերտ անտառը, Էջմիածինն ու Տաթեւը, յետոյ թռչած է դէպի Արցախ, օդէն կամ ոտքերը գետին դրած` նկարելու Ստեփանակերտն ու Շուշին, Գանձասարը, «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողն ու բազմաթիւ այլ տեսարժան, նուիրական վայրեր: Մերթ ընդ մերթ իր համակարգիչին ճամբով «խաղացած» է կարգ մը նկարներու հետ, օրինակի համար` պատկերի մը «արտացոլացումը» ներկայացնելով շրջանակին երկրորդ կէսին մէջ, ցոյց տալով, որ արդի արհեստագիտութիւնը նման խաղերով լուսանկարիչին առիթը կ՛ընծայէ մօտենալու արուեստի սեմին:

Հատորը չունի յառաջաբան. լուսանկարներուն ընդհանրապէս կ՛ընկերանան կարճ` մէկ տողնոց բացատրութիւններ. Սեւակ յայտնապէս նախընտրած է, որ իր որսացած լուսանկարները իրե՛նք խօսին ակնդիրին:

Հատորի վերջին էջերուն շատ հակիրճ բացատրութիւն կայ հեղինակին մասին. ընթերցողը կը ծանօթանայ, որ Սեւակ Մեհթերեան եղած է Պըրքլի եւ Մայեմիի համալսարաններու ուսանող, մասնագիտացած երկրաբանական տարրաբանութեան մէջ, կը սիրէ «բնութեան գեղեցկութիւնները դիտել ու ներկայացնել իր ոսպնեակին միջոցով»: Ինքզինք չի ներկայացներ իբրեւ արուեստագէտ լուսանկարիչ, այլ` իբրեւ լուռ, բայց խօսուն կամուրջ, կը կանգնի արուեստագէտ բնութեան ու դիտողին միջեւ:

Իսկ եթէ յատուկ գնահատանքի արժանի կէտ մը պիտի փնտռենք, այն է, որ ան իր ոսպնեակը գործի լծած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ, ո՛չ այլուր, հարազատութեան ԿԱՊ մը ունի հայրենիքին հետ, ու այդ կապով կ՛աշխատի վարակել դիտողը: Այս արժանիքին արմատները պէտք է փնտռել զինք արարող միջավայրին մէջ` սկսելով տունէն…