Հայաստան Ուղեւորութիւնս Միշտ Ուխտագնացութեան Բնոյթ Կրած Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Աղազարեան

«Հայաստան ասելիս աչքերս լցվում են,
Հայաստան ասելիս թեւերս բացվում են,
Չգիտեմ` ինչո՞ւ է այդպէս:
Հայաստան ասելիս աշխարհը իմ տունն է,
Հայաստան ասելիս էլ մահը ո՞ւմ շունն է…
Կը մնամ, կը լինեմ այսպէս»:

Համօ Սահեան

«Հայաստան, երկիր դրախտավայր», «Մայր Հայաստան», «Նայիրեան երկիր» անուանումները սփիւռքի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր հայու համար ոգեշնչող իրականութիւն են ու իբրեւ հայ գոյատեւման երաշխիք:

Կարելի է՞ երեւակայել Հայաստանը` առանց սփիւռքի կամ սփիւռքը առանց Հայաստանի: Արդէն բացարձակ իրականութիւն է, որ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով զօրացող անքակտելի օղակ են: Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի տեղահանութիւնը եւ Հայաստանի ու Արցախի երբեմնի անկայուն վիճակը (Խորհրդային Միութեան վարչակարգ, ազերիներու յարձակումները, ներթափանցումներ, արցախեան պատերազմ)  բնաւ արգելք չհանդիսացան Հայկի, Սասունցի Դաւիթի, Վարդան Մամիկոնեանի, Արամ Մանուկեանի նման տիպարներու տոկոնութիւն ու անյաղթելի կամք ունեցող սերունդի ժառանգորդներուն` առաւել կառչելու հայրենիքին եւ զայն ամէն բանէ գերիվեր դասելու: Ահա այսպէս կը գրէ ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադիր, դաշնակցական գործիչ Գարեգին Նժդեհ հայրենիքի մասին. «Հայաստան երկիրը հայրենիք դարձրին Մեսրոպի այբուբենը, Մամիկոնեանների ուխտը, Բագրատունիների շինարարական գործերը»:

Այն հայը, որ հայրենիքի շահերը գերիվեր կը դասէ, արդէն լիիրաւ հայ կը դառնայ եւ կը միանայ հոյլ մը տեսլական ունեցած մեր մեծերու փաղանգին: Ո՞ր քաղաքական ղեկավարն ու իշխանութիւնները մնայուն եւ յաւերժական են: Անոնք բոլորն ալ ժամանակաւոր են, իսկ մնայունը հայրենիքն է, ուժն է ու մեր գոյատեւման կամքը: Բայց հայրենիքը պահպանելը կենսական հրամայական է, որովհետեւ անիկա ձեռք բերուած է բազում զոհողութիւններու, անթիւ նահատակներու արեամբ, որոնք իրենց ամենաթանկագինը` կեանքը զոհաբերած են հայրենիքի սրբազան բագինին: Հայրենիքը պահելը մեծ մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ ղեկավարները եւ հայու արիւնով ծնած, սնած ու շնչող իւրաքանչիւր հայ:  Կարիք ունինք խորիմաց եւ իմաստուն ղեկավարներու եւ, վերջապէս, ազգային ջիղ ունեցող ու անձնդիր հայերու` Հայաստանի պայծառ ապագան կերտելու համար: Դարձեալ Գարեգին Նժդեհ հայրենիքի մասին իր մտածումները հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ. «Արժանի չես հայրենիքիդ, եթէ այն չես դաւանում իբրեւ գերագոյն նպատակ, իսկ անձդ` իբրեւ միջոց»:

Տակաւին, հայրենիքը ամէն բանէ գերիվեր դասող եւ զոհաբերութեան պատրաստակամ իւրաքանչիւր հայ գիտակցօրէն կը նուիրաբերէ իր անձը այն սրբութեան համար, որուն համար սերունդներ արիւն ու քրտինք իրարու խառնեցին երաշխաւորելու համար մեզ` Հայոց ցեղասպանութեան երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդներու ժառանգորդներս:

Արդ, ամէն անգամ երբ Հայաստան կ՛այցելեմ հոգիս կը վերանորոգուի, կը լիցքաւորուի, կը զօրանամ հայրենի հողին ուժով ու մեր պատմութիւնը կերտած հերոսներու կեանքով ու պատգամով: Հետաքրքրական է կարգ մը հայորդիներու տարօրինակ հարցադրումը, թէ ինչո՞ւ միշտ Հայաստան կ՛այցելես: Ինչո՞ւ ուրիշ երկիր չես երթար: Չձանձրացա՞ր: Ի՜նչ անհեթեթ եւ անտեղի հարցադրում, որուն համար իմ կտրուկ պատասխանս կ՛ըլլայ. «Կարօտել եմ տուն իմ հայրենի», «Հողը անուշ, ջուրը անուշ, հայրենիքէն անուշ ու թանկ ինչ կայ ուրիշ երկինքի տակ»:

Ուխտ Արարատին

Ամէն անգամ հայրենիք ուղեւորութիւնս կ՛անուանեմ ուխտագնացութիւն, որովհետեւ ամէն օր վաղ առաւօտուն Հայաստանի պայծառ երկնակամարէն կը տեսնեմ այնքան գեղեցիկ ու նուիրական Արարատը, որուն նայելով` արդէն հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը կ՛ուրուագծուի իմ մտահորիզոնիս մէջ: Այդ հարցադրում կատարողները պէտք է կարդան  Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին», որպէսզի իրենք ալ ներշնչուին Արարատի ոգեղէն տեսարանէն.

«Տե՛ս մեր շարքերը խանդաբորբ ու արի
Տես մեր կարօտը` խոյանքով Վահագնի,
Տե՛ս մեր հոգին` քու ձեռքերուդ պէս մաքուր,
Ու կամքը մեր, տե՛ս, ժայռերուդ պէս ամուր,
Եւ հաւատա՛, գրանիտեայ ո՜վ Աստուած,
Սրբազան լեռ, հաւատա՛,
Որ կը հասնի՛նք, մենք կը հասնի՛նք
կատարիդ…»:

Հայերէն Ոսկեղենիկի Գոյատեւման Հարազատ Վայրը

Յովհաննէս Թումանեանի վերջին գրասենեակը

Արարատի ներկայութենէն ոգեւորուելէ բացի Հայաստանի մէջ  ամէն տեղ հայութիւն կը շնչէ: Հայերէն խօսելու ու հայօրէն ապրելու լաւագոյն ու հարազատ վայրը Հայաստանն է :  Ասկէ տարիներ առաջ վաստակաւոր բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան Պէյրութ իր այցելութեան ընթացքին ահազանգ հնչեցուց, թէ դպրոցներու մէջ զբօսանքներու ընթացքին եւ տուներու մէջ հայախօսութիւնը նուազած է: Անգլերէնը գերակշռած է ամէն տեղ: Ուստի սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի գոյատեւումը վտանգուած է: Ի զուր չէ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հաստատումը հայոց լեզուի մասին. «Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»:

Եկեղեցին Հայկական Ծննդավայրն Է Հոգւոյս

Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցի

Հայ եկեղեցիներէն լսուող հոգեթով շարականները կ՛առինքեն հոգիդ ու կը տանին երկինքի բարձունքները` հաղորդ դարձնելով մեր սուրբերուն ու հանճարներուն` Ս. Ներսէս Շնորհալիի, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, անմահանուն Կոմիտաս վարդապետի, համբաւաւոր երաժշտահան Մակար Եկմալեանի վաստակին եւ այլոց: Երկիւղածութիւն եւ յարգանք  կը պարտադրեն պատմական այն բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները (Ս. Էջմիածին, Ս. Գայեանէ, Ս. Հռիփսիմէ, Խոր Վիրապ, Տաթեւ, Մուղնիի Ս. Գէորգ, Օհանավանք …) , որոնց սրբազան կամարներուն ներքեւ մեր սուրբերը, կաթողիկոսները, վարդապետները, քահանանաները, իշխանաւորներն ու բազմերախտ հայ ժողովուրդը Աստուծոյ հետ հաղորդ դարձան եւ աղօթեցին հայ ժողովուրդի անսասանութեան համար` միշտ յիշելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ յստակօրէն կը բնորոշուի այն գաղտնի ճամբան, որմէ քալած են մեր նախորդները եւ յաղթական զանգակները, որոնք կ՛աւետեն հայ ժողովուրդի յարութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը

Ո՞ր հայը կամ օտարականը Երեւան այցելութեան ընթացքին կ՛անտեսէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը: Հայու արիւնը անպայման կ՛եռայ իր երակներուն մէջ եւ սրբադասուած նահատակները կը հրաւիրեն մեզ, նաեւ օտար ղեկավարները` հաղորդ դառնալու իրենց նահատակութեան վեհ նպատակներուն եւ խոնարհելու ու արժանի յարգանք ընծայելու: Ահա այլ պատճառ մը եւս` առաւել կառչելու մեր հայրենիքին: Իսկ Եռաբլուրը` մեր բիւրաւոր նահատակներու պանթէոնը, ուխտատեղի մըն է, անխօս վկայարան մը` արթնամտութեան, ուր այցելութիւնը բաւարար է արդէն հարթելու ամէն մակերեսային ու թիւր մտածում ու արտայայտութիւն: Ի՜նչ վեհ տեսիլքներ ունեցան մեր նահատակները, որպէսզի մենք այսօր գոյատեւենք եւ ոչ թէ սակարկենք հայրենիք այցելութեան յաճախականութիւնը ու պահենք անոնց սրբազան կտակը: Այսօր մենք ոչ միայն իրենց կը պարտինք մեր ներկան, այլ նաեւ կը խոնարհինք մեր նահատակներուն շիրիմներուն առջեւ` միշտ յիշելով Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը .

– «Գարուն ա, ձուն ա արել…
… Ա՜խ, ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ
Արհաւիրքն այն օրերի.
– Աշխարհում ով մոռանայ,
Ջուխտ աչքով թող քոռանայ…»

Հայաստանը` Մշակոյթի Պահպանման Գլխաւոր Կեդրոն

Եղիշէ Չարենցի բանտի դուռը

Առանց մշակոյթի` երգի, պարի, թատրոնի, նուագի, գեղարուեստի ու աւանդութեան,  ժողովուրդ մը իր ինքնուրոյն դիմագիծը կը կորսնցնէ: Այս առումով, Հայաստանի մէջ գրողներու եւ արուեստագէտներու տուն- թանգարանները, ինչպէս` Յովհաննէս Թումանեանի, Եղիշէ Չարենցի, Կոմիտաս վարդապետի, Մարտիրոս Սարեանի, Պարոյր Սեւակի եւ այլոց, մշակոյթի պահպանման օրրան են, միաժամանակ` ապագայ սերունդի կենդանի վկայարան: Սփիւռքի մէջ մենք աւելի հարկադրանքի տակ ենք հայ մշակոյթը պահպանելու եւ յաջորդ սերունդին փոխանցելու իմաստով:

Սակայն Հայաստանի մէջ իւրովի տարբեր է, որովհետեւ հոն մշակոյթի կեդրոն է: Ի՜նչ հոգեգրաւ երեւոյթ է, երբ ամէն ամսուան վերջին ուրբաթ օրերը հարիւրաւոր հայորդիներ կը համախմբուին Քասքատի դիմաց եւ «Գարին» պարային համոյթի անդամները հայկական աւանդական ժողովրդական պարեր կը սորվեցնեն ներկաներուն եւ մեծ շուրջպար կը կազմեն` վերյիշեցնելով բոլորիս 20-րդ դարու գաւառներու հարսանեկան ուրախ մթնոլորտը, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեզի:

Ասոր առընթեր,  հայկական աւանդութիւններու պահպանումն ու յաջորդ սերունդի փոխանցումը դարձեալ պարտաւորութեան տակ կը դնէ իւրաքանչիւր հայ: Արդարեւ, Տեառնընդառաջի հրավառութիւնը, Վարդավառի ջրախաղերը եւ այլ աւանդութիւններ մեզ ուղղակի հաղորդ կը դարձնեն մեր արմատներուն եւ առաւել կը զօրացնեն մեր կառչածութիւնը:

Այս տեսանկիւնէն դիտելով` վստահաբար անտեղի հարցումներ կատարողները իրենց կարծիքը պիտի փոխեն եւ պիտի սկսին տարբեր աչքով նայիլ հայրենիքին: Վերջապէս, մեր բնօրրանն են Հայաստանն ու Արցախը, մեր ծնունդը, մեր ինքնութիւնը եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` մեր յաւերժական բնակարանը: Հարկ է այլեւս մտածենք զօրացնելու Հայաստանը եւ մեր սուրբ հայրենիքին համար ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնենք: Հայաստան ուղեւորութիւնս, այո՛, իրաւացի է, որ ուխտագնացութիւն է: Յովհաննէս Շիրազ այնքան յստակ կը բնորոշէ իտէալ ու սուրբ հայրենիքը, որ անսակարկելի է.

«Իմ սուրբ հայրենիք, դու սրտիս մէջ ես,
Դու սրտի մէջ ես, եւ ոչ լեզուի վրայ,
Իմ սրտի միջից, թէ սիրտս ճեղքես`
Դրօշիդ բոցը պիտի հուրհրայ»: