Շիրակի, Լոռիի Եւ Արագածոտնի Մէջ Պիտի Լուծուի 61 Անօթեւան Ընտանիքներու Բնակարանի Հարցը

Հայաստան

Հայաստանի կառավարութիւնը գումար պիտի յատկացնէ երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք Շիրակի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզի 61 անօթեւան մնացած ընտանիքներուն բնակարային խնդիրներու լուծման նպատակով: Այս որոշումը, ըստ Armenpress.am-ի, տրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան 8 Օգոստոսի նիստին։

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեան ներկայացուց իրականացուելիք նախաձեռնութիւններուն համար պետական պիւտճէով արդէն յատկացուած 560 միլիոն դրամի բաշխումը:

«Կը նախատեսուի 509.5 միլիոն դրամի հաշուին լուծել 61 ընտանիքի բնակարանային խնդիր, որուն 40-ը՝ Լոռիի, 15-ը՝ Շիրակի, 6-ը՝ Արագածոտնի մարզերուն մէջ: Մնացեալ 50.5 միլիոն դրամը պիտի ուղղուի Լոռիի գիւղական բնակավայրերուն մէջ ծրագրերու շահառու ճանչցուած ընտանիքներուն համար կառուցուած 31 բնակարաններու, բնակելի տուներու թերութիւններու վերացման, ինչպէս նաեւ սեփականութեան իրաւունքի արձանագրութեան գործընթացի ապահովման»,- ըսաւ ան։