Աստուածածնի Վերափոխման Սուրբ Տօնին Առիթով՝ Ուխտերթ Դէպի Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք

Սփիւռք

 

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապեի, Օգոստոս 16-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, ուխտերթ կազմակերպուած է դէպի Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք։ Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։

Ուխտերթը կազմակերպած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը։ Անիկա սկիզբ պիտի առնէ կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն։

Հրաւիրուած են բոլոր հաւատացեալները։