«Պիտի Շարունակեմ Ապրիլ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Կիպրոսի յատկանշական երեւոյթներէն մէկը իր ճաշարաններն են: Զանոնք կարելի է նկատել երկրի ազգային-մշակութային պատկերներէն,  եւ որոնք կը կոչուին «թաւերնա»: Այս «թաւերնա»-ները կը յատկանշուին իրենց «պարզ» տեսքով, ուր չկան գերարդիական եւ վերջին ծայր նորոյթ սարքաւորում: Անոնք գեղջկական նկարագիր ունեցող ճաշարաններ են, որոնք քեզ կը դնեն երկրին իսկական ընկերային-մշակութային մթնոլորտին մէջ:

Այս «թաւերնա»-ներէն մին, ուր յաճախ կ՛այցելեմ, երբ Կիպրոս ըլլամ, ունի ալ աւելիով յատկանշական դրուածք: Ընտանիք մըն է, ուր ծնողք եւ զաւակներ, ձեռք-ձեռքի տուած, կ՛աշխատցնեն այս ճաշարանը: Հայրը` նիհարակազմ եւ ճերմակ մազերով, որուն դէմքէն կրնաս տեսնել իր հոգիին ու սրտին պարզութիւնը եւ բարութիւնը: Ինքն է, որ կը պատրաստէ խորովածները: Միշտ կը փափաքիմ դիտել, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստէ զանոնք… Կրնամ տեսնել, թէ որքա՛ն կը սիրէ իր կատարած գործը, որուն մէջ կը դնէ, կարծէք, իր հոգին ու սէրը, այս պատճառով ալ ճաշերը կը դառնան շատ համեղ… Անգամ մը, երբ չկրցայ ամբողջացնել խորովածի պնակս եւ ձգեցի զայն, տեսայ անոր «տխուր» դէմքը: Չուշացաւ անոր յուզուած արտայայտութիւնը. « Արդեօք չսիրեցի՞ր»: Այդ փորձառութենէ ետք կը փորձեմ երբեք չնեղացնել զինք, երբ հոն գտնուիմ:

Ուրբաթ, 26 յուլիսին, կնոջս` Արտային հետ դարձեալ նոյն ճաշարանը այցելեցինք: Այս անգամ նշմարեցի, որ քանի մը նոր տղաք աւելցած են  աշխատակազմին մէջ` որպէս սպասեակներ: Ենթադրեցի, որ ամրան շրջանին անհրաժեշտ է աւելցնել գործաւորներու թիւը, ըստ պահանջի:

Միջին տարիքի մարդ մըն էր, դէմքին վրայ` աղուոր ժպիտ մը. համբերութեամբ կը սպասէր մեր ապսպրանքին: Արտային հետ կը զրուցէինք հայերէն, որպէսզի որոշենք, թէ ի՛նչ պիտի ապսպրենք: Ան տակաւին նոյն համբերութեամբ կը սպասէր` առանց բան մը ըսելու: Փորձեցինք մեր կոտորակուած յունարէնով հասկցնել մեր ուզածը…

– Կրնաք հայերէնով ալ ապսպրել,- ըսաւ ան:

– Վա՜յ քեզ մարդ,- եղաւ իմ արագ արտայայտութիւնս:

Արդէն մոռցանք, թէ ճաշարան եկած էինք եւ պէտք է մեր ապսպրանքը ընէինք:

– Անունս Յարութիւն է,- ըսաւ ան:

– Երեւի նոր հոս ես. ես քեզի ասկէ առաջ չեմ տեսած,- ըսի Յարութիւնին:

– Անցեալ մարտ ամսուն սկսայ աշխատիլ հոս,- եղաւ իր պատասխանը:

Յարութիւնին հետ կը շարունակենք մեր զրոյցը: Կը զգայի, որ կ՛ուզէր խօսիլ: Զգալի էր իր տենչը հայերէն խօսելու: Յստակ էր, որ կարօտցած էր մայրենիով խօսիլ եւ հաղորդակցիլ հայերու հետ:

– Աթէնք ծնած եմ,- ըսաւ Յարութիւն, – եւ միայն քանի մը ամիսէ ի վեր հոս եմ: Գիտէք` Յունաստանի տնտեսական վիճակը շատ ծանր է, հոս տակաւին քիչ մը աւելիով աշխատանքի եւ գործի կարելիութիւն կայ:

Յարութիւն կ՛ուզէր պատմել եւ խօսիլ, մենք ալ ընթացք տուինք. «Ծնողներս ալ Յունաստան ծնած են, իսկ մեծ ծնողներս Յունաստան եկած են Ատանայէն, Ցեղասպանութենէ ետք»: Յարութիւն եւս ունէր հայու, սփիւռքահայու պատմութեան «ոդիսականը»:

Կրնայի տեսնել, թէ Յարութիւն լաւ հայերէն կը խօսէր.

– Բայց շատ լաւ հայերէն կը խօսիս-, ըսի Յարութիւնին:

– Աթէնքի Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը ուսանած եմ,- ըսաւ ան` շեշտը դնելով ունեցած հպարտութեան ու հայ վարժարանին ջամբած դաստիարակութեան արժէքին վրայ:

Յարութիւն մոռցաւ, որ ինք ճաշարանին մէջ ունի պարտականութիւն, երբ կամաց-կամաց յաճախորդներուն թիւը սկսաւ աւելնալ: Ան կ՛ուզէր պատմել.

– Հայկական դպրոցէ ետք համալսարան գացի եւ ճարտարապետութիւն ուսանեցայ, որմէ ետք ալ առեւտրական գիտութեան դասընթացքներուն հետեւեցայ,- ըսաւ ան:- Մտայ աշխատանքային ասպարէզի մէջ եւ հիմնեցի կահ-կարասիներու գործատեղի: Աշխատանքները լաւ ընթացան, ունէի աւելի քան քսանհինգ գործաւոր:- Այս մասին խօսելով` ան քիչ մըն ալ դարձաւ զգացական` անցած օրերու յաջողութիւններու անո՞ւշ, թէ՞ տխուր յուշերուն մէջ ընկղմելով…

Բայց երեւի Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամը պիտի հարուածէր նաեւ Յարութիւնը…

– Չկրցայ տոկալ մեր երկրին տնտեսական ծանր պայմաններուն ու նաեւ` պետութեան պարտադրած հարկերուն,- ըսաւ ան,- աշխատատեղիս գոցեցի եւ մնացի անգործ:

Սկսած էի մէկ-մէկ քակել Յարութիւնին կեանքի պատմութիւնը: Անոր պատմութիւնը սփիւռքահայու կեանքի պատմութեան մէկ օղակն է, որուն մասին կ՛ուզէի լսել: Եւ հայուն պատմութիւնները լսելով է, որ կրնաս սորվիլ, թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս է հայուն գոյապայքարի ճանապարհը…

– Ամուսնացա՞ծ ես,- հարցուցի Յարութիւնին:

– Էի…,- ըսաւ Յարութիւն:- Քանի մը տարի առաջ ամուսնալուծուեցանք :

Յարութիւն ամուսնացած է յոյն-կիպրացիի մը հետ: Ունի երեք զաւակ:

– Զաւակներդ հայերէն կը խօսի՞ն,- երեւի քիչ մը համարձակ եղաւ իմ հետաքրքիրի հարցումս` Յարութիւնին:

– Հայերէն քիչ մը սորվեցան, երբ պզտիկ էին. շրջան մըն ալ հայկական դպրոց գացին, բայց որովհետեւ չէին խօսեր, շուտով ալ մոռցան: Ո՛չ տունը, ո՛չ ալ իրենց ընկերներուն հետ հայերէն խօսեցան,- ըսաւ Յարութիւն` պարզապէս հաշտուած ու երեւի համոզուած ըլլալով սփիւռքեան դժուար հայապահպանումի իրավիճակներուն…

Չհամարձակեցայ հարցնել Յարութիւնին, թէ ինչո՛ւ ամուսնալուծուած է: Բայց Արտան կանխեց եւ հարցուց իրեն. «Հապա ամուսնալուծումի պատճառնե՞րը»:

Յարութիւնը փորձեց իր ընտանեկան վիճակին տալ կարճ նկարագրական-բացատրութիւն եւ մէջբերեց ժողովրդային ասացուածքը.

– Երբ աղքատութիւնը դռնէն մտնէ, սէրը նոյն դռնէն դուրս կ՛ելլէ :

Հասկնալի էր Յարութիւնի կեանքին ուղեւորութիւնը: Բայց այդ բոլորին ծանօթանալով` կրնայի տեսնել մարդ մը, որ տակաւին չէ ընկրկած իր կեանքի տարբեր ելեւէջներուն մէջ ու անոնց պարտադրանքներուն տակը:  Յաջո՞ղ, թէ՞ ձախող, ուրա՞խ, թէ՞ տխուր. Յարութիւնը կ՛ապրի այդ բոլորին մէջ: Այս բոլորին  ծանօթանալով` աւելի կրցայ տեսնել Յարութիւնը եւ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատէր ներկայ գործին մէջ, որ իրեն «շնորհուած էր»:

– Բայց կը տեսնեմ, որ հպարտութիւնդ չէ վիրաւորուած, եւ դուն հիմա այս տեսակի գործ մը կ՛ընես,- հարց տուի Յարութիւնին:

– Անցեալը ամբողջութեամբ ետեւ ձգած եմ,- ըսաւ Յարութիւն,- ես հիմա պիտի շարունակեմ ապրիլ,- ըսաւ վճռական:

«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան»: Եւ կարծես Յարութիւնին համար ալ իր կեանքի բոլոր «ձախողութիւնները» տեսած է որպէս «գացած»… Եւ այսօր ան որոշած է շարունակել ապրիլ  իր հպարտութեան մէջէն եւ անկախ, թէ ի՛նչ վիճակի ու տեսակի գործ մը կ՛ընէ այսօր:

Յարութիւնը շարունակեց իր աշխատանքը: Կը տեսնէի, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցնէր մէկ սեղանէն միւսը… Ճաշը վերջացուցինք, եւ խնդրեցի Յարութիւնէն, որ հաշիւը վճարեմ: Յարութիւն հաշիւը բերաւ եւ նոյն իր բարի ժպիտով ըսաւ. «Խմիչքը եւ պտուղը` իմ կողմէս:

Զգացուած էի… Բայց չուզեցի ստիպել Յարութիւնին, որ ետ ներառէ այդ բոլորը հաշիւին մէջ: Կը տեսնէի Յարութիւնին ուրախութիւնը: Թէ ան այդ օր հանդիպեցաւ ուրիշ հայու մը… Եւ այդ հանդիպումը լեցուց իր կարօտը… հայերէն խօսելով եւ հայութեամբ հաղորդակցելով:

Բայց կար նաեւ Յարութիւնին հպարտութիւնը, թէ ան որոշած էր իր կեանքը ապրիլ: Ան ուզեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը փոքր ժեստով մը մեզի հետ բաժնեկցիլ` անկախ իր անցած բոլոր դժուարութիւններէն:

Բայց Յարութիւնին կեանքը հայուն կեանքի եւ անոր շարունակականութեան մէկ պզտիկ օրինակ-օղակն է: Յարութիւնը յատուկ է իր կեանքի հոլովոյթներուն մէջ: Իւրաքանչիւր հայ կ՛ապրի իր կեանքը` իր պարունակին մէջէն: Մեր հայկական  տարբեր պարունակներուն մէջ կայ մէկ մեծ հասարակ յայտարար, թէ հայը իր բոլոր ապրած դժուարութիւններու մէջէն, անցեալի ու ներկայի, որոշած է ապրիլ: Ապրիլ իր հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ:

Եւ հայուն պատմութեան փորձն ալ նոյնինքն այս է: Ցեղասպանութենէ ետք հայը որոշեց տոկալ եւ ապրիլ… Եւ ապրիլ իր կեանքը` հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ:

«Պիտի շարունակեմ ապրիլ»: Յարութիւնին որոշումը:
Բայց անպայմանօրէն հայունը…
«Պիտի շարունակենք ապրիլ»: