Վարչապետ Փաշինեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Վահագն Տատրեանի Մահուան Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, մաթեմաթիքոս, ընկերաբանութեան դոկտոր, փրոֆէսըր, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ Զօրեան հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանի մահուան առիթով։

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հեռագիրին մէջ նշուած է. «Խոր ցաւով տեղեկացայ ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ Զօրեան հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր Վահագն Տատրեանի մահուան մասին։

Անգնահատելի է փրոֆէսըր Տատրեանի գիտական վաստակը Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ։ Իբրեւ համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիր՝ հայ անուանի գիտնականը բազում ծանրակշիռ աշխատութիւններ գրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, լրջագոյն աշխատանք իրականացուցած Ցեղասպանութեան իրաւական եւ փաստագրական կողմերու հետազօտութեան բնագաւառէն ներս։ Անոր ձգած հարուստ գիտական ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ մեծ դերակատարութիւն ունենալ ցեղասպանութիւններու ճանաչման, դատապարտման եւ կանխարգիլման գործին մէջ։

Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Վահագն Տատրեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, ընկերներուն եւ գործընկերներուն։ Անոր յիշատակը եւ ազգանուէր գործունէութիւնը վառ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ։