Հայաստանը Պէտք է Բարենպաստ Վայր Ըլլայ Երիտասարդ Տաղանդներու Համար․ ՀՀ Նախագահ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Օգոստոս 1-ի երեկոյեան, տեսակապի միջոցով միացած է «Սեւան նորաստեղծութիւններու գագաթնաժողով-2019»-ի մասնակիցներուն, զրուցած անոնց հետ, հետաքրքրուած գագաթնաժողովի ընթացքով եւ պատասխանած անոնց հարցերուն։

«Ասիկա հրաշալի նախաձեռնութիւն է, եւ կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք սկսած են զայն: Կը կարծեմ՝ այս նախաձեռնութիւնը մեծ յաջողութիւն պիտի ունենայ: Անիկա շատ կարեւոր է յատկապէս Հայաստանի համար, որովհետեւ Հայաստանը, այնպէս, ինչպէս ես կը տեսնեմ ապագային, պէտք է ուժեղ ներկայութիւն ունենայ բարձր եւ նոր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ եւ ըլլայ նորաստեղծութիւններու երկիր: Հաւանաբար, օր մը մենք հնարաւորութիւն ունենանք հռչակելու Հայաստանը աշխարհի նորաստեղծութիւններու մայրաքաղաք։ Նորաստեղծութիւնը այն հիմնարկներէն մէկն է, որ կը միաւորէ այս երիտասարդները, որ հիանալի է, եւ ասիկա ամենակարեւորն է»,- ըսած է նախագահը:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ խօսելով նորաստեղծութիւններու յետագայ զարգացման հեռանկարներուն եւ պայմաններուն մասին՝ Հանրապետութեան նախագահը առաջին հերթին կարեւոր համարած է որակեալ կրթութիւնը։ «Հայաստանը յառաջատար երկիրներու շարքին դասելու համար անհրաժեշտ են քանի մը պայմաններ, եւ անոնցմէ մէկը կրթութեան բարձր որակն է։ Բարձր որակի կրթութիւն բոլորի համար՝ սկսեալ Երեւանի կեդրոնէն մինչեւ սահմանամերձ գիւղեր: Իւրաքանչիւր ուսուցիչի հիմնական առաքելութիւնն է գտնել տաղանդաւորները, եւ նորաստեղծութիւնը պիտի օգնէ մեզի գտնելու տաղանդներ»,- ընդգծած է նախագահը։

Յաջորդ կարեւոր գործօնը՝ Արմէն Սարգսեան համարած է Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը միջազգային առաջատար ընկերութիւններու, որոնք միջավայր պիտի ստեղծեն նորաստեղծութիւններու զարգացման համար։ «Մենք չենք կրնար միայն նորաստեղծութիւն կամ լաւ գաղափարներ ստեղծել, եթէ չունենանք գիտութեան եւ նոր արհեստագիտութիւններու ենթակառուցուածքներ։ Այդ իսկ պատճառով կ՝աշխատինք շարք մը խոշոր ընկերութիւններու հետ, ինչպէս՝ IBM-ը, Google-ը, Leonardо-ն՝ ապահովելու անոնց ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Եթէ միջազգային խոշոր ընկերութիւնները ներկայ ըլլան Հայաստանի մէջ, անոնք զարգացման յատուկ որակ պիտի թելադրեն»:

Միւս կարեւոր գործօնը նախագահը համարած է փոխկապուածութիւնը աշխարհի հետ։ «Մենք բնական եղանակով կապուած ենք աշխարհի հետ, քանի որ հայերը կ՝ապրին ամէնուր։ Շատ տաղանդաւոր հայեր կ՝աշխատին Քալիֆորնիոյ մէջ, Սիլիկոնեան հովիտի մէջ: Այնպէս որ, կարեւոր է ստեղծել հանգոյց բոլորին միջեւ եւ ոչ միայն՝ հայերու: 21-րդ դարը պիտի ըլլայ այն երիտասարդներունը, որոնք ունին յաւակնութիւն եւ խիզախութիւն՝ մարտահրաւէր նետելու եւ ներկայացնելու իրենց նոր գաղափարները»:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը պէտք է բարենպաստ վայր ըլլայ երիտասարդ տաղանդներու համար․ «Երիտասարդ տաղանդները միշտ կը փնտռեն համապատասխան միջավայր, եւ այդ միջավայրը 21-րդ դարու արհեստագիտական տարածքն է: Այնպէս որ, Հայաստանը պէտք է ունենայ նման տարածք»։

Արմէն Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է յառաջիկային եւս աջակցելու «Սեւան նորաստեղծութեան»։ «Ես ձեր հետ եմ, ես ձեր նորաստեղծ հանրութեան անդամն եմ, պատրաստ եմ օգնելու ձեզ, ստեղծելու նոր ճանապարհ՝ աշխատելու նոր սերունդին հետ։ Դուք երիտասարդ էք, ամէն ինչ ձեր առջեւն է, սակայն աշխարհը շատ արագ առաջ կը շարժի: Այնպէս որ, դուք նոյնպէս պէտք է արագ ըլլաք»,- ընդգծած է նախագահ:

Նախագահը պատասխանած է նաեւ Հայաստանէն եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներու հարցերուն։

«Սեւան նորաստեղծութեան գագաթնաժողով 2019»-ին կը մասնակցի 120 նորաստեղծ խումբ Հայաստանէն եւ 45 տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 1000 ձեռներէց ողջ աշխարհէն։ Գագաթնաժողովին նպատակը նորարարական գաղափարներու խրախուսումն է, ինչպէս նաեւ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու միջեւ անկաշկանդ կապի հաստատումը։

«Սեւան նորաստեղծութեան գագաթնաժողով»-ի մասնակից խումբերուն համար 2018-էն սահմանուած է եւ կը յանձնուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահի մրցանակ։