Տարօն Աճեմօղլու Արժանացած է Massachusetts Institute of Technology-ի Բարձրագոյն Կոչումին

Սփիւռք

Տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու արժանացած է Մասաչուսէթսի Արհեստագիտութիւններու հիմնարկի (Massachusetts Institute of Technology-MIT) բարձրագոյն` Institute Professor կոչման, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:

Աճեմօղլու MIT-ի մէջ կ՛աշխատի աւելի քան 25 տարի` ուսումնասիրելով բարդ տնտեսական խնդիրները:

«Ամբողջ ասպարէզս անցուցած եմ MIT-ի մէջ, եւ անչափ ուրախ եւ զգացուած եմ», -ըսած է Աճեմօղլու:

Մասաչուսէթսի Տեխնոլոգիական հիմնարկի  MIT News պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ 2019-ի Սեպտեմբերին լոյս պիտի տեսնէ Տարօն Աճեմօղլուի հինգերորդ գիրքը, որուն համահեղինակն է Ճէյմս Ռապինսըն: Գիրքը կը կոչուի «Նեղ միջանցքը» եւ նուիրուած է մարդոց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու զարգացման եւ այն ճնշումներուն, որոնց անոնք կ՛ենթարկուին: