Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը Յայտնեց, Որ Պետութիւնը չի Կրնար Արգելք Ըլլալ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ ԹուրքիոյՍահմանադրական Ատեանը կրօնական ազատութեան դէմ բռնաբարում եւ հայոց իրաւունքներուն դէմ խախտում նկատած էրՀայոց Պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ գործադրուած արգելքը։ Այս կերպով Սահմանադրական Ատեանըբացէ ի բաց դիրք գրաւած էր պետութեան դէմ։ Այս որոշումը այժմհրատարակուեցաւ Պաշտօնաթերթի մէջ եւ այս կերպով պաշտօնապէսի զօրու դարձած եղաւ շատ կարեւոր վճիռ մը, որ նոր լոյս կը բռնէ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ հարցին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը իր որոշումը ու որոշումին պատճառաբանութիւնը հրապարակեց մանրամասնեալ կերպով։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՄԱՐՄԱՐԱ»–ն։

Յայտնի կը դառնայ որ Սահմանադրական Ատեանը այս հարցը քննարկած է երբեմնի Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Լեւոն Գուզիկօղլուի ու Կարպիս Պալմումճուի ստորագրութիւններով կատարուած դիմումին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը իր պատճառաբանեալ որոշումին մէջ դիտել կուտայ որ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի 1863 թուականի Հայոց Սահմանադրութեան կարգ մը յօդուածներուն համաձայն ու անոնց լոյսին տակ Պետութեան տուած արտօնութեամբ, բայց պետութիւնը չի կրնար միջամտել, արգելք ըլլալ կամ նոր ձեւ ստեղծել Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան կապակցութեամբ։ Ըստ Սահմանադրական Ատեանի որոշմնագրին, Պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ դրուած արգելքը, նաեւ հոգեւորականի մը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ նշանակուիլը ու այդ անձին երկար ժամանակ այս պաշտօնին վրայ մնացած ըլլալը կը խախտէ միւս հոգեւորականներուն, նաեւ աշխարհականներուն կրօնական ազատութիւնը։ Կարճ խօսքով, Սահմանադրական Ատեանը յստակ կերպով յայտարարած է որ Պետութիւնը չի կրնար միջամտել պատրիարքի ընտրութեան եւ չի կրնար նաեւ անտեսել Հայոց Սահմանադրութեան կողմէ պատրիարքի ընտրութեան մասին ընդունուած կանոնները։ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի հայոց աւանդութիւններուն ու կանոններուն համաձայն։

Այս առաւօտ կապ հաստատեցինք մեր ազգայիններէն Լեւոն Գուզիկօղլուի հետ եւ տեղեկութիւններ խնդրեցինք իրմէ։ Գուզիկօղլու հաստատեց վերոյիշեալ տեղեկութիւնները եւ յայտնեց թէ այս շատ կարեւոր որոշումը ի վերջոյ հրատարակուած է Պաշտօնաթերթին մէջ։ Ըստ առաջին տպաւորութեան, Սահմանադրական Ատեանին այս որոշումը պատմական արժէք կը ներկայացնէ ու կը վերականգնէ Հայոց Սահմանադրութեան կողմէ ընդունուած այն չափանիշները որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կ՚անտեսուէին պետական շրջանակներու կողմէ։

Տակաւին շատ կանուխ է խօսելու համար Սահմանադրական Ատեանի այս որոշումին եւ անոր մանրամասնութիւններուն մասին, բայց հիմա շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել թէ պետական իշխանութիւնները ինչպիսի դիրքորոշում մը պիտի ընդունին պատրիարքական ընտրութեան հարցի մէջ, որ արդէն գործընթացի մէջ մտած է Տեղապահի մը ընտրութեամբ։