Զբօսաշրջիկները Հայաստանի Մէջ Ծախսած Են 120 Միլիոն Տոլար Աւելի, Քան Նախորդ Տարի

Հայաստան

Ընթացիկ տարուան առաջին 6 ամիսներուն, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկները ծախսած են 120 միլիոն տոլար աւելի, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ դրական ընթացք կայ։

Ըստ Փաշինեանի՝ այս մէկը յայտնի դարձած է՝ ուսումնասիրելով արտասահմանի մէջ տրուած դրամատնային քարտերով կատարուած վճարումները պանդոկներուն, ճաշարաններուն եւ այլ վայրերու մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան դիմած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանին եւ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանին՝ նշելով. «Իրաւակարգը շատ կարեւոր է զբօսաշրջիկներու զգացողութեան համար: Հայաստանի մէջ քաղաքացիներն ու զբօսաշրջիկները պէտք է իրենց անվտանգ զգան, եւ ատիկա շատ կարեւոր է զբօսաշրջութեան յետագայ զարգացման համար»:

Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան նշած է, որ այս տարուան Յունիսին, նախորդ տարուան Յունիսին հետ բաղդատած՝ արտասահմանեան քարտերով գործարքներուն աճը ճաշի սպասարկութեան կէտերուն մէջ կազմած է 75 տոկոս, պանդոկներուն՝ 32 տոկոս աճ, կանխիկացման գործարքները՝ 22 տոկոս աճ, գործակալութիւններուն մէջ՝ 36 տոկոս աճ, իսկ հանրախանութներուն՝ 38-74 տոկոս աճ:

«Այս տարուայ 6 ամսուան ընթացքին, զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է 85 հազարով, կամ՝ 12.3 տոկոսով: Մենք 2013-ին հետազօտութիւն ըրած ենք եւ պարզած, որ ամէն զբօսաշրջիկ Հայաստանի մէջ ծախսած է 730 տոլար: Այսօրուան վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ թիւը 880 տոլար է: Հիւրանոցներուն թիւը՝ 2013-ի համեմատ՝ գրեթէ կրկնապատկուած է, աճած է 300-ով»,- դիտել տուած է Կեդրոնական դրամատան նախագահը: