Անթիլիասի Մէջ Սկիզբ Առաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը

Uncategorized, Հայաստան, Սփիւռք

Անթիլիասի մէջ, քիչ առաջ, Տէրունական աղօթքով՝ սկիզբ առաւ Հայ Մամուլին նուիրուած Համահայկական Համագումարը։ Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկիոյ քայլերգերը, որմէ ետք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը փոխանցեց համագումարի մասնակիցներուն։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէ Անթիլիաս ժամանած հիւրերուն, որոնք միասնաբար պիտի քննեն ու արժեւորեն մամուլին առանցքային տեղը հայ կեանքէն ներս, եւ՝ համագործակցութեան նոր ուղիներ ճշդելու։ «Հայ մամուլի ծառայութեան լծուած մշակներու համախումբ ու միատեղ ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մամուլի ներկայացուցած համահայկական կարեւորութեան եւ անոր վիճակուած ճշդորոշիչ դերին»,- ընդգծեց Վեհափառ հայրապետը։

Իբրեմ պատասխան իր իսկ տուած շարք մը հարցերու, իր խօսքի աւարտին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, թէ ներկայ համագումարը առիթ է իրապաշտ մօտեցումով անդրադառնալու այժմէական ու հրատապ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն։ «Վերջապէս, համագումարէն անդին հրամայական կը նկատենք՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք համատեղ գործակցութեամբ շարունակելու հայ մամուլի համահայկական առաքելութեան վերարժեւորման ու վերահզօրացման նպաստող աշխատանքները»,- իր խօսքը եզրափակեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։

Վեհափառ հայրապետի պատգամին պիտի յաջորդէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը, որ պիտի ներկայացնէ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան եւ որուն պիտի յաջորդէ Համագումարի պատուոյ հիւր՝ Տիկին Աննա Յակոբեանի ելոյթը։

Յիշեցնենք, որ Հայ Մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը պիտի շարունակուի մինչեւ Հինգշաբթի 4 Յուլիս։