Էլինա Դանիէլեան Յաղթած է Արագ Ճատրակի Մրցաշարին

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանցի գրոսմայսթըր Էլինա Դանիէլեան յաղթած է արագ ճատրակի Women Speed Chess Championship մրցաշարին։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Chess.com-ը կը տեղեկացնէ, թէ երբ Էլինա Դանիէլեանը յաղթեց ընտրական բաց մրցաշարին եւ նուաճեց Women Speed Chess Championship-ին մասնակցելու իրաւունք, քիչերը կրնային ենթադրել, որ ան պիտի դառնայ ախոյեան, բայց այդպէս ալ եղաւ Ռուսիան ներկայացնող Վալենթինա Կունինայի նկատմամբ 15-13 հաշուով յաղթանակէն ետք։