Վահէ Գրիգորեան Երդումով Ստանձնեց Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորի Պաշտօնը

Հայաստան

Վահէ Գրիգորեան երդման արարողութեամբ ստանձնեց ՀՀ սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Գրիգորեանի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԱԺ Յունիս 20-ի նիստի ընթացքին:

«Ինծի համար բարձր պատիւ է Սահմանադրական Դատարանի դատաւորի պաշտօնը երդմամբ ստանձնելը: Սա Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն առաջին անգամ ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեամբ ընտրուած Ազգային Ժողովին կողմէ ընտրուած առաջին բարձր դատական պաշտօնն է: Այս պաշտօնին իմ ընտրութիւնը երկար ճանապարհ անցած է, ատիկա եղած է բաց ու թափանցիկ․․․»,-ըսած է Գրիգորեան:

ԱՆ նշած է, որ այդ անցումային տրամաբանութեան մէջ Սահմանադրական Դատարանը իր կազմով արդէն ունի սահմանադրականութեան ճեղքեր, որոնք ինք մտադիր է ամենայն մանրամասնութեամբ նախ քննարկել գործընկերներու հետ, ապա անոնց հետ համատեղ փոխադարձ ըմբռնման եւ իրաւական անվտանգութեան բոլոր նկատառումները հաշուի առնելով գալ համատեղ լուծման եւ հանրութեան առջեւ հանդէս գալ այդ լուծումով: