Ակնարկ. Հին Բեմագրութիւն, Նոր Բեմագիրներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Վերջին շաբաթներուն, Ուաշինկթընի գլխաւորած Արեւմուտքին եւ Իրանի միջեւ հակաճառութիւնն ու լարումը արագօրէն կը սաստկանայ, մէկ կողմէ՝ բանաւոր արտայայտութեանց ու միւս կողմէ՝ զինեալ միջադէպերու հետեւանքով։ Հորմուզի նեղուցին մօտակայքը նաւարկող քարիւղատարներ զինեալ յարձակումի ենթարկուեցան, Արեւմուտքի ամբաստանութիւնները միաբերան թիրախ ընտրեցին Իրանը, որ մերժեց ընդունիլ նման վերագրում, տուաւ հիմնաւորեալ պատճառներ։ Արեւմտեան բազմաձայն երգչախումբը հիմա նոր դրդապատճառ մըն ալ գտած է. Իրան յայտարարեց, որ իւրանիւմի հարստացման իր ծրագիրներուն կարեւոր մէկ հանգրուանին համար, ճշդած է նոր պայմանաժամ մը՝ 27 Յունիսը։

Տագնապը ունի բաւական երկար անցեալ. նորագոյն փուլը բացուեցաւ այն օրը, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշեց ետ քաշուիլ նախորդին օրով Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրէն, որուն մասնակից էին նաեւ Ուաշինկթընի դաշնակիցները։ Իրան առաջին օրէն ալ բացայայտ դարձուց, որ կ՛ուզէ պահպանել այդ համաձայնութիւնը, պատերազմ չի ցանկար, սակայն Թրամփի վարչակարգը յայտնապէս վճռած է վերիվայր շրջել նախորդին օրով ձեւ առած ընթացքներ, ըլլա՛յ ներքին-ամերիկեան բեմին, ըլլա՛յ արտաքին յարաբերութեանց գետիններու վրայ։ Եւրոպացիք մինչեւ այսօր ալ կը փորձեն մնալ այն գիծին մէջ, որ պիտի կանխարգիլէ Իրանի կորիզային ուժ մը դառնալը, հակառակ Թեհրանի այն պնդումներուն, որ իր կորիզային ծրագիրները անպայման զինական վախճանակէտ չեն հետապնդեր։ Բնականաբար անդին կան նաեւ Չինաստանն ու Ռուսիան, առանց անտեսելու Ճափոնը, որուն վարչապետը Իրանի նախագահին հետ բանակցութեան նստած էր ծանօթ յարձակումին օրը։ (Կարելի է ենթադրել, որ Իրան կա՛մ տխմար մըն է, որ այդ հանդիպումին օրը յարձակում գործեց ճափոնցիներուն հետ կապ ունեցող քարիւղատարի մը վրայ, կամ ալ այնքան վարպետ է, որ յարձակումը կատարած է այնպիսի օր մը, երբ ամէնէն քիչ կասկածելին կրնայ ըլլալ։ Սակայն սա ոստիկանական ժապաւէնի մը պատմութիւնը չէ)։

Եւ ահա, ամերիկեան ու եւրոպական զանգուածային լրատու միջոցները միաբերան յարձակման անցած են Իրանի վրայ, մէկը կը փորձէ միւսը գերազանցել՝ նախատեսելու համար, թէ Իրանի վրայ յարձակումը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Եւ զանգուածային մամուլը իր ազդեցութեան մէջ բռնած է ամբողջ աշխարհը, գոնէ… Իրանէն այս կամ այն շահը հետապնդող երկիրներու զանգուածները։

Եթէ պահ մը «շունչ քաշենք» եւ վերաքաղը ընենք մօտիկ եւ քիչ մը հեռաւոր անցեալի նմանակներուն, պիտի տեսնենք, որ հին բեմագրութիւնն է որ կը կրկնուի նոր բեմագիրներու կողմէ։ Աւելի քան 15 տարի առաջ, Իրաքն էր թիրախը. «Իրաք հարստացուած իւրանիւմ ձեռք բերած է, որեւէ պահու կրնայ սնկաձեւ ամպ մը բարձրանալ Նիւ Եորքի կամ այլ քաղաքի մը վերեւ» ու նմանօրինակ քարոզչութեամբ, նաեւ 9 Սեպտեմբերի պատմական դէպքը օգտագործելով, կազմակերպուեցաւ ու գործադրութեան դրուեցաւ Իրաքի վրայ յարձակումը։ Արդիւնքն ու հետեւանքները այսօր ոչ ոքի համար գաղտնիք են։ Փաստուեցաւ ու կրկին անգամ ապացուցուեցաւ, որ Իրաքին կատարուած վերագրումները հիմ չունէին, այնպէս՝ ինչպէս ապացուցուած է, որ Քուէյթի տագնապն ալ շինծու բաժիններ ունէր ու Իրաքի վրայ առաջին յարձակումն ալ ստապատիր պատճառաբանութիւններով կատարուած էր, հիմնական նպատակ ունենալով առաւելագոյնս շահագործել այդ երկրին քարիւղի հարստութիւնները։ Քարիւղով հարուստ Իրաքը այսօր կիսասնակն վիճակի մատնուած է…։ Իսկ Իրաքէն ետք, «Արաբական Գարունն» ալ շուտով ցոյց տուաւ իր իսկական նպատակները, բազմաթիւ երկիրներ քար ու քանդ եղան, միլիոնաւոր մարդիկ ջարդուեցան, գաղթական դարձան եւ… Եմէնի տագնապը կը շարունակուի նոր ողբերգութիւններով։

Իրան-Միացեալ Նահանգներ ճակատում մը ի վերջոյ անխուսափելի պիտի ըլլա՞յ։ «Ոչ» ըսողներուն գրաւը բաւականաչափ հիմք ունի, մանաւանդ նկատի ունենալով հաւանական հետեւանքներուն տարածքն ու ահագնութիւնը (մենք՝ հայերս ալ ամէն պատճառ ունինք յուսալու, որ ճակատում տեղի չունենայ Հայաստանի անմիջական դրացնութեան մէջ)։ Իսկ թէ երեւցող բեմին ետին՝ իսկական շահեր հետապնդողները ի վերջոյ ո՞ւր կրնան հասցնել այս զարգացումները, յառաջիկայ օրերը ցոյց կու տան։ Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ դեռ հազիւ 2-3 ամիս առաջ, նոյն դերակատարները Վենեզուելլան հասցուցին քաղաքացիական պատերազմի մը եւ ամերիկեան միջամտութեան մը սեմին, եւ այդ օրերուն, ամերիկացի «հանճարեղ» քաղաքական մարդիկ ու խորհրդականներ յայտարարեցին, թէ նախընտրելի է որ այդ երկրին քարիւղի հարստութիւնները շահարկուին ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ։ Այսօր, Վենեզուելլայի մասին բարձրաձայն չի խօսուիր այլեւս, որովհետեւ, ի միջի այլոց, ռուսական զինուորական ներկայութիւն մը ստեղծուեցաւ այդ երկիրն մէջ, իսկ նախագահ Մատուրոյի հակառակորդները յայտնապէս թելադրանք ստացած են պահ մը քաշուելու բեմէն, մինչեւ… յաջորդ արարին պատրաստութիւնը։ Այլապէս, միջնարարներ վերապահուած են Հոնկ Քոնկի, Սուտանի եւ քանի մը այլ անկայուն գօտիներու…

Պատերազմի թմբկահարներուն, նաեւ երեւցող ու քողարկուած մրցակցութիւններ վարողներուն համար արդեօք իմաստ ունի՞ այն, որ հին ու նոր աշխարհներուն մէջ, պատերազմները լուծում չեն բերած, այլ աւելի՛ բարդացուցած են տագնապները։ Սակայն մասնակի շահերը նման բարի նպատակներով չեն առաջնորդուիր։ Թող Աստուած շատցնէ… բեմագիրներուն գործը։