Հայաստանը Դէպի Ո՞ւր…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Թէեւ քիչ մը շատ ուշացած եւ ներազգային առումով շատ վնասներ պատճառած, սակայն «ողջունելի» կը թուի ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջին նիստի գումարման ընթացքին Հայաստանի վարչապետին խօսքը, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ հասարակութեան մէջ մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցած բռնութեան կոչերը, ատելութեան քարոզները, անհանդուրժողականութեան դրսեւորումները, հայհոյախառն ելոյթները, ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող եղբայրասպան կռիւները արմատախիլ ընելու, օրէնքի  սահմաններու մէջ անոնց խիստ հակահարուած տալու յանձնարարականը` ուժային կառոյցներուն տրուած:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջին նիստին վարչապետին «ողջունելի» ելոյթը արդեօ՞ք կը նշանակէ, որ  այսուհետեւ պատմութեան կը պատկանին քաղաքացիները ասֆալթին փռելու, պատին ծեփելու, թեւերը կոտրելու վարքագիծը, իշխանութիւններու հատուածական մօտեցումները, հասարակութեան միջեւ ճեղքեր ստեղծելու վարքագիծը, սեւ ու սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի յղացքները, փողոցներու եւ դատարաններու դռներ փակելու քաղաքականութիւնը, հայաստանցիներու եւ ղարաբաղցիներու միջեւ անպատշաճ եւ ազգակործան տարբերութեանց շեշտադրումները, հասարակութեան մէջ դաւաճաններ, դաւադիրներ եւ վերջերս սեւ զգեստաւոր խմբակներ որոնելու կործանարար աքթերը:

Ի դէպ, սեւ զգեստաւորները ի յայտ եկան Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Դաւիթ Խաժակեանի մերձաւորը խոշտանգելու իրողութեամբ, խումբ մը պետական պաշտօնեաներու կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները բնականաբար կասկած պէտք չէ ունենան` մեկնելով ՀՅ Դաշնակցութեան համազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւն ըլլալու հանգամանքէն եւ իր 130-ամեայ կենսափորձէն ու, վերջապէս, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց վերջին 30-ամեայ մաքառումին ընթացքին մատուցած զոհաբերութիւններուն եւ անգնահատելի ռազմաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական ներդրումին ի տես, որ առկայ է նաեւ այսօր, եւ քաղաքական նոյն տրամաբանութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, այսօր եւս, ՀՅ Դաշնակցութեան անվերապահ զօրակցութեան պիտի արժանանան, երբ խօսքը եւ յատկապէս գործը․․․ պիտի վերաբերի օրէնքի գերակայութեամբ երկիր կառուցելու, հասարակութեան համերաշխութիւնը վերականգնելու, ժողովրդավարացման բնականոն զարգացումը ապահովելու, ներազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութիւնը ամրագրելու պարագային։

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքի վերջին քանի մը օրերու զարգացումներուն լոյսին տակ, իշխանութեան եւ հասարակութեան որոշ հատուածի մը կողմէ, որոշ շահադիտական եւ ներխմբակային հաշիւներու նկատառումներով իրավիճակը սրող ու կատարուող քաղաքական մեկնաբանութիւնները, վերագրումները, ամբաստանութիւնները եւ շուտիկութիւնները չեն նպաստեր ներքաղաքական կայունութեան, ճշմարտութեան բացայայտման եւ երկխօսութեան:

Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ կառավարութեան վերջին նիստին կատարուած յայտարարութիւնները,  բռնութեան կոչերը եւ դրսեւորումները սանձելու, կանխելու, խիստ պատժելու յանձնարարականները թիրախաւորելու կամ հասցէագրելու ազգակործան ճիգը կը գտնենք անհեթեթ:

Պէտք է արձանագրել, որ ներհայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ հասարակութեան միջեւ գերլարուածութեան, որուն հետեւանքները բազմաթիւ առումներով անվերադարձ կորուստներ կրնան ըլլալ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան թշնամիներուն ջաղացքին ջուր լեցնելու քաղաքականութեան կրնան նպաստել, թիւ մէկ պատասխանատուն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն են, այս պարագային` անոնց մէջ ամէնէն հեղինակաւորը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ ոչ թէ` այս կամ այն արտախորհրդարանական կուսակցութիւնը կամ Ազգային ժողովի մէջ գործող ընդդիմադիր կուսակցութիւնները:

Իրապէս կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել եւ հարցադրել, թէ ինչո՞ւ սիրոյ եւ համերաշխութեան համաժողովրդային շարժումը հոս պիտի հասնէր, ինչո՞ւ հասարակութեան մէջ տարիէ մը ի վեր սերմանուող ատելութիւնը եւ այլամերժութիւնը օրին պիտի չարժանանային համապատասխան վերաբերմունքի եւ օրէնքի սահմաններու մէջ պատժամիջոցներու, ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պիտի ձգէին հասարակութեան որոշ հատուածի մը մօտ այն փաստացի տպաւորութիւնը, որ հայրենիքի մէջ առկայ է երկու չափ երկու կշիռի ընդվզեցնող քաղաքականութիւն, ինչո՞ւ գերլարուածութիւն պիտի ստեղծուէր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց միջեւ, ինչո՞ւ հայ ժողովուրդի միակ անպարտելի ուժը հանդիսացող ներազգային միասնականութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնը պիտի փճանար, ինչո՞ւ երկրորդ գիծ պիտի մղուէին` զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան, Ջաւախքի, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Հայաստանի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրները, ընկերային արդարութիւնը, սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան մակարդակի բարձրացման օրակարգերը, ինչո՞ւ․․․

Ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան ներուժը, շրջանային եւ տարածաշրջանային պայթիւնավտանգ այս հանգրուանին, պիտի սպառենք եւ մսխենք ներազգային սուր եւ վիրաւորական վիճարկումներով, ներքաղաքական ոչ կառուցողական դրսեւորումներով, մերժողականութեամբ եւ ատելութեամբ:

Այսուհանդերձ, սոյն ակնարկութեանց տրամաբանութիւնը ներազգային յաւելեալ խնդիրներ յարուցել չէ, վէրքերը եւ դէպքերը բորբոքել չէ բնաւ, այլ` փորձել հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ապահով, խաղաղ, միասնական հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ապագան կերտել, որուն համար կ՛ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն եւ յատկապէս պրն. վարչապետէն, որ իր ներքին քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ եւ հանդիսանայ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն վարչապետը եւ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին նախ դատապարտէ հրապարակային մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր տեսակի բռնութիւնները, յատկապէս` վերջին շաբաթներուն կատարուածները, ըլլա՛ն անոնք հոգեբանական, բարոյական թէ ֆիզիքական, եւ ոչ թէ մէկուն պարագային ոստիկանութիւնը համարէ, որ անհրաժեշտ յանցակազմի բացակայութեան բերումով կարելի չէ հարցը քրէականացնել եւ պատժել, իսկ այլ պարագաներու մէջ յանձնարարել, որ խիստ հակահարուած տրուի եւ ակնկալել, որ հանրութիւնը հալած իւղի պէս ընկալէ եւ ընդունի:

Չէ՞ որ սիրոյ եւ համերաշխութեան համաժողովրդային շարժումը պիտի ապահովէր օրէնքի գերակայութեան երկիր, ուր իւրաքանչիւր Հայաստանի քաղաքացի, առանց խտրականութեան, պիտի վայելէր հաւասար պայմաններ, հաւասար պաշտպանութիւն օրէնքին, պետութեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ:

Արդարեւ, կ՛ակնկալենք նաեւ վարչապետէն, որ ի՛նք յայտարարէ ազգային երկխօսութեան ընդարձակ կլոր սեղան մը` մասնակցութեամբ անխտիր քաղաքական բոլոր ուժերուն, առանց քաղաքական հաշուեյարդարի տրամաբանութեան, առանց քաղաքական հետապնդումներու եւ վրէժխնդրութեան, ի հարկին` առանց մոռացութեան տալու, եթէ փաստացի գոյութիւն ունին տուեալներ բոլոր մեղաւորները եւ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու սահմանադրական եւ օրէնքի շրջանակներու ծիրին մէջ, բայց եւ այնպէս` կլոր սեղան մը երկխօսութեան, որովհետեւ այսպէս կարելի չէ շարունակել, յանուն զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան,  ներազգային միասնականութեան եւ հասարակութեան համերաշխութեան, որպէսզի միանգամընդմիշտ վերջ դրուի ազգի դիմադրողականութիւնը թուլացնող, հիւծող, պառակտող, ընտանիքը այլասերող այլանդակ բարքերը, ազգային արժէքային համակարգը հարուածող, բանակը, եկեղեցին ու պետութիւնը քանդող այս երեւոյթին եւ հոլովոյթին: Կ՛ակնկալենք Հայաստանի վարչապետէն, որ յստակ յայտարարութեամբ լիցքաթափէ ներքաղաքական լարուածութիւնը, յատուկ վարքագիծով յաղթահարէ քաղաքական ճգնաժամը, յստակ առաջնահերթութիւններ նախանշելով երաշխաւորէ ժողովրդավարական պայմաններու ներքոյ կուտակուած խնդիրներու լուծումը:

Պետական գաղտնիք մը բացայայտած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, որ այսօր ազգովին կ՛ապրինք արտասովոր ներազգային, ռազմաքաղաքական, ընկերատնտեսական, դատաիրաւական եւ անվտանգութեան ընդհանուր խնդիրներու անապահով հանգրուան մը եւ պէտք է հասկնանք, որ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է երկրի հզօրացման եւ խոցելիութեան վերացման ի խնդիր ազգային միասնականութիւնը, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պատշաճ փոխյարաբերութիւնները, ազգային երկխօսութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ` յանուն բոլոր խնդիրներու կարգաւորման եւ կայունութեան:

Վերջապէս, մենք պէտք է հասկնանք, որ հայրենիքի կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ միասնականութիւնը քաղաքական բոլոր ուժերուն համար պէտք է հանդիսանան սկզբունքներուն սկզբունքը, մենք պէտք է հասկնանք, որ առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու ներազգային համերաշխութիւնը եւ երկխօսութեան կարելիութիւնը` ի վիճակի պէտք է ըլլանք ազգովին ամէն ինչի մասին խօսելու` արտաքին բազմաթիւ սպառնալիքներէն մինչեւ ներքաղաքական ամէնէն կնճռոտ դատաիրաւական, ընկերատնտեսական, ռազմաքաղաքական եւ զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին, եւ միասնաբար որոշելու, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզենք եւ ո՛ւր կ՛ուզենք տանիլ զայն:

10 Յունիս 2019