Լեւոն Մնացականեան Արցախի Ոստիկանապետ Նշանակուած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 11-ին, հաստատած է Կառավարութեան որոշում, համաձայն որուն՝ Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանքի անցնելու պատճառով:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը նախագահը հաստատած է Կառավարութեան այլ որոշում մը, որուն համաձայն՝ Վլատիկ Խաչատրեան նշանակուած է Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն՝ հեռացուելով  ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն:

Երկրի ղեկավարը ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Իգոր Գրիգորեան հեռացուած է պաշտօնէն՝ այլ աշխատանքի անցնելուն պատճառով:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր Լեւոն Մնացականեանը Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ նշանակելու մասին:

Բակօ Սահակեանի նոյն օրը ստորագրած այլ հրամանագիրով մը՝ Իգոր Գրիգորեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական-Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ:

Նախագահ Սահակեան, Յունիս 11-ին, այցելած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւն եւ անձնակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեանը՝ անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

Երկրի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Իգոր Գրիգորեանին՝ անոր գործունէութեան համար:

Նոյն օրը, նախագահը այցելած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն եւ անձնակազմին ներկայացուցած ծառայութեան նորանշանակ տնօրէն Վլատիկ Խաչատրեանը՝ անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք: