Թուրք Կուսակցապետը Կ՝առաջարկէ Հարուածել Յոյները՝ Յիշեցնելով Հայաստանի Մասին Օզալի Խօսքերը

Աշխարհ

Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի ափերուն վրայ սկսած քարիւղ-ակազային հորատման աշխատանքներուն պատճառով կը շարունակեն լարուած մնալ թուրք-կիպրական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Յունիս 10-ին, Կիպրոսի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը յայտարարած էր, որ որոշում ընդունուած է կղզիի ափերուն մօտ անօրինական հորատման աշխատանքներ իրականացնող թրքական նաւի անձնակազմը ձերբակալելու:

Այս յայտարարութեան հետեւած են թրքական կողմին արձագանգները, որոնցմէ ուշագրաւ է Թուրքիոյ «Պահպանողական առաջընթաց կուսակցութեան» (MYP) նախագահ Ահմեթ Ռէյիզ Եըլմազի խօսքը:

Վերջինս առաջարկած է մէկ կողմ ձգել օրէնքի ճանապարհը եւ հարուածել Կիպրոսի յոյները:

«Յոյները ոչ թէ օրէնքով, այլ ապտակով կը հասկնան»,- ըսած է թուրք գործիչը՝ նշելով, որ խօսքով ոեւէ մէկը հնարաւոր չէ վախցնել:

«Լուրջ պետութիւնը չի խօսիր, յարմար պահուն կը հարուածէ: Անգամ մը Օզալը (Թուրքիոյ 8-րդ նախագահ) ըսաւ. «Մեծ աղէտ կ՝ըլլա՞յ, եթէ Հայաստանի վրայ ռումբ մը նետենք»: Ատոր հետեւանքով ինչ ըսես եկաւ անոր գլխուն:

Այժմ պայմանները աւելի վատ են, քան այն ժամանակ: Թուրքիոյ տարածքային ջուրերը գրաւուած են: Թրքական ծովերը պաշարուած են: Յոյները, հայերն ու աշխարհի այլ ազգեր՝ վրէժի մոլուցքով՝ շրջափակած են մեզ: Սենարը նոյնն է, դերակատարները՝ նոյնպէս:

Արդէն անցած է խօսքերու վրայ ժամանակ կորսնցնելու պահը»,- ըսած է թուրք ազգայնական գործիչը:

Նշենք, որ Թուրքիան կը կարծէ, որ Կիպրոսի հարստութիւններէն կրնան օգտուիլ թէ՛ կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութիւնը եւ թէ՛ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը։ Սակայն յունական կողմը ատոր դէմ է եւ ատիկա կը համարէ անօրինական քայլ։