Հայկազեան Համալսարանը 1000 Միաւոր Գիրք Նուիրած է Արցախի Պետական Համալսարանին

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 10-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club»-ի ուսանողներու պատուիրակութիւնը այցելած է Արցախի պետական համալսարան (ԱրՊՀ) եւ հանդիպում ունեցած համալսարանի ուսանողութեան հետ:

Պատուիրակութեան ղեկավար Ռազմիկ Գաբրիէլեան, որ կը համակարգէ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքները, նշած է, որ իրենց  այցելութիւնը 2018 թուականի ԱրՊՀ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագրի ծիրէն ներս իրականացուած է, որուն մեծ սիրով ու խանդավառութեամբ միացած են համալսարանի ուսանողները:

 «Արցախը մեծ նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ, եւ լիբանանահայ գաղութը ուղղակի կապուած է Արցախի հետ` միշտ պատրաստ նեցուկ ըլլալու արցախցիներուն: Մեր այցի նպատակն է Արցախի հետ բարեկամութեան կամուրջներ  հիմնել, որու ծիրէն ներս Հայկազեան համալսարանի կողմէ այս  անգամ 1000 միաւոր գիրք նուիրաբերած ենք  ԱրՊՀ-ին», մասնաւորապէս ըսած է Գաբրիէլեան:

 Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club»-ի նախագահ Քրիս Բրուտեան ըսած է, որ ինք երկրորդ անգամ Արցախ կը գտնուի եւ կարեւոր կը համարէ արցախցի ուսանողներու  հետ գործակցային յարաբերութիւններու ստեղծումը:

 «Այսպիսի  շփումները  կարեւոր են ուսանողներու համար` համազգային հարցերու շուրջ տեսակէտներու ու կարծիքներու փոխանակման առումով, քանի որ մենք բոլորս մէկ մշակոյթի եւ մէկ ինքնութեան տէր ենք: Արցախը ինծի համար սուրբ հող է. այստեղ  մենք նոր ուժ ու ոգեւորութի կը ստանանք»,-աւելցուցած է ան:

Հանդիպման ընթացքին երկու համալսարաններու ուսանողները քննարկած են ուսումնական գործընթացին, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն, Արցախեան հիմնախնդրին, Լիբանանի հայկական համայնքի գործունէութեան առնչուող  շարք մը հարցեր: