Կարսի Ատրպէյճանցիները Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած Են Հայաստանի Պատուիրակութեան Այցին Պատճառով

Աշխարհ, Էրկիր

Կարսի «Կովկասի համալսարան»-ի ատրպէյճանցի ուսանողները բողոքի գործողութիւններու դիմած են հայկական պատուիրակութեան՝ Կարսի քաղաքապետարան կատարած այցելին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Yeniakit-ը։

Նշենք, որ նախօրէին, Համահայկական խաղերու կազմկոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած էր Կարսի քաղաքապետարան:

Կարսի այգիներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ատրպէյճանցի ուսանողները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են քաղաքապետարանին` յիշեցնելով  Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութիւնը, ուր՝ իրենց պնդումով` «սպաննուած են հազարաւոր քաղաքացիներ եւ անպաշտպան տեղացի քիւրտեր ու ատրպէյճանցիներ»:

Անոնք վերոյիշեալ յայտարարութեամբ փորձած են քիւրտերը տրամադրել հայերուն դէմ:

Ատրպէյճանցի ուսանողներէն մէկը՝ խօսելով թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութեան մասին՝ նկատել տուած է, որ ատրպէյճանցիները Թուրքիոյ կողքին եղած են նաեւ 2016 Յուլիս 15-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձին ժամանակ:

Բողոքի շարժման հեղինակները յիշեցուցած են Կարսի քաղաքապետ Այհան Պիլկէին, թէ ինչպէս ան ընտրուելէն ետք յայտարարած էր, որ Կարսի մէջ յաղթած է «ատրպէյճանական, թրքական եւ քրտական եղբայրութիւնը», մինչդեռ հիմա կ՝ընդունի հայկական պատուիրակութեան անդամները: