Ինչպէ՞ս Կարելի է Գրաւել Ա՛յն Մարդոց Տարածքը, Ուր Իրենք Դարերով Ապրած Են. Փաշինեանի Պատասխանը Ատրպէյճանցի Լրագրողին

Աշխարհ, Հայաստան

Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց ատրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումներուն: Ըստ Armenpress.am-ի՝  Հայաստանի վարչապետին ուղղուած հարցումներէն մէկուն մէջ, որ  կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ատրպէյճանցի լրագրողը օգտագործեց ատրպէյճանական քարոզչութեան համար արդէն սովորական` «գրաւուած տարածքներ» արտայայտութիւնը: Ի պատասխան` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ.

«Ինչպէ՞ս կարելի է գրաւել տարածքը ա՛յն մարդոց, որոնք այնտեղ ծնած են, որոնց պապերն ու պապերուն պապերը այդտեղ ծնած են ու ապրած: Ինչպէ՞ս կարելի է այդ տարածքը գրաւել: Տարածք, ուր այս մարդիկը սերունդէ սերունդ, դարերով ապրած են. ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա ընդհանրապէս պատկերացնել»: