«Զուարթնոց» -ի Հին Շէնքը Պիտի Պահպանուի, Իսկ «Շիրակ» Օդակայանը Պիտի Վերանորոգուի

Հայաստան

Յունիս 4-ին « Corporación América» օդակայաններու ղեկավարութեան գագաթնաժողովին ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնէկեան յայտնած է, որ աշխատանքներ պիտի տանին «Զուարթնոց» օդակայանի հին շէնքը պահպանելու ուղղութեամբ:

Ան նշած է, որ ընկերութիւնը պատրաստ է սկսելու նաեւ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի վերանորոգման աշխատանքները:

«Մենք սկսած ենք գործակցութեան ճարտարապետներու հետ եւ գրեթէ պատրաստ ենք սկսելու վերանորոգման աշխատանքները»,- ըսած է Էռնէկեան:

Ան նաեւ ուրախութիւն յայտնած է նոր կառավարութեան հետ ամուր գործակցութեան համար:

«Պիտի վերանայինք մեր նոր նախագիծերը, որոնք ունինք Հայաստանի մէջ, եւ նոր ծրագիրներ պիտի ձեռնարկենք: Նոր կառավարութեան հետ պիտի աշխատինք, որպէսզի նոր ներդրումներու համար առաջնահերթութիւնները սահմանենք»,- ըսած է ան:

Արժենթինեան «Corporación América» ընկերութիւնը օդակականներու եւ բեռնային համալիրներու առտօնատէրն է Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի աւելի քան 50 օդակայաններու մէջ: