Բակօ Սահակեան Հանդիպած է Էռնեկեան Խումբի Հայաստանի Մասնաճիւղի Տնօրէնին Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 4-ին, հանդիպում ունեցած է Էռնեկեան խումբի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Խորխէ Տէլ Ակիլա Էռնեկեանի հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկուած են Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Էռնեկեան խումբը աշխուժօրէն ներգրաւուած է Արցախի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին՝ յոյս յայտնելով, որ կազմակերպութեան հետ սերտ փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի նաեւ ապագային:

Հանդիպման մասնակցած են պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: