«Քարահունջը 12.000 տարեկան է». Ըսած է Կրահեմ Հենքոք

Աշխարհ, Հայաստան

Մոսկուայի տան դահլիճին մէջ օրերս հանդիսատեսին ներկայուած է բեմադրիչ Նիքոլայ Դաւթեանի «Քարկտիկ» գիտահանրամատչելի ֆիլմը, որ կը ներկայացնէ յայտնի խաղի մեկնութիւնը` զուգորդուած հայերու նախնիներու եւ անոնց գիտելիքներու մասին ուսումնասիրութիւններով եւ ուշագրաւ տուեալներով: Ֆիլմին հեղինակներու խօսքով` այն, ինչ կը բացայայտեն ֆիլմը դիտողները, ոչ թէ չափազանցութիւններ են, այլ փաստարկուած իրողութիւններ. այլ է հարցը, որ հնագոյն էթնոսի գիտելիքներուն մէկ մասը կորսուած է, մէկ մասն ալ մեզի հասած է փոշոտուած պահարաններու մէջ փակուած գիրքերու մէջ:

«Ֆիլմը դիտելով` կը սորվինք «Քարկտիկ» խաղալ, բայց կը հասկնաք, որ բոլոր հին խաղերուն մէջ մեր նախնիները դրած են իմաստութիւններ, որոնք պէտք է ուսումնասիրել: Օրինակ, խաղը կը յուշէ մեզի, որ կայ «Օրիոն» համաստեղութիւնը, որ ժամանակի իւրօրինակ ցուցիչ է: Պատկերացուցէք, որ համակարգիչ չկայ, համացանց չկայ, ինչպէ՞ս պիտի հաշուէք ժամանակը: Մեր նախնիները առանց համացանցի` համաստեղութեան միջոցով հաշուած են ժամանակը եւ ոչ միայն»,-Aravot.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Դաւթեան:

ֆիլմին մէջ անդրադարձ կը կատարուի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու յայտնի հետազօտող, գրող, լրագրող Կրահեմ Հենքոքի` Հայաստան կատարած վերջին այցին: Հենքոք ճամբորդած է աշխարհով մէկ, հետազօտած ինկերու, ազտեկներու, մայաներու, եգիպտացիներու եւ այլոց լեզուն, մշակոյթն ու գրականութիւնը:Քաղաքակրթութեան բնօրրանի փնտռտուքը անոր առաջին անգամ Հայաստան բերաւ 2014-ին: Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու անկախ հետազօտող Վազգէն Գէորգեանի հրաւէրով Հենքոքը այցելեց Մեծամորի, Ագարակի հնավայրերը, Ուխտասար, Քարահունջ, Տաթեւի վանք եւ յայտարարած, որ Հայաստանի մէջ թաքնուած է քաղաքակրթութիւններու բանալին:

Հենքոքի վերջին գիրքին մէջ ամբողջ գլուխ մը նուիրուած է Հայաստանին: Ան կը գրէ, որ Հայաստանն է հնագոյն մշակոյթի եւ գիտելիքներու կրողը: Վերջին այցը 2015-ի Օգոստոսին էր, երբ աւելի քան 20 երկիրներու տարբեր մասնագէտներէ բաղկացած խումբով Հենքոք եղաւ Քարահունջ՝ աստղային դիտում կատարելու համար:

Վազգէն Գէորգեանի պատմելով` գիտարշաւի մասնակիցները կը ցանկային համոզուիլ, որ Քարահունջը աստղադիտարան է: «Հին ժամանակ մեր նախնիները «Օրիոն» համաստեղութեան միջոցով ճշգրիտ հաշուած են ժամանակը: Մայաներու, ազդեկներու, եգիպտացիներու, շումերներու տոմարները եւս կազմուած են «Օրիոն»-ի միջոցով: Տաթեւի սիւնն ալ, որ «Օրիոն»-ի երկրային ցուցիչն է, կառուցուած է աստղագիտութեան հնագոյն գիտելիքներու հիման վրայ:

Մեր նպատակն էր` հաստատել, որ Քարահունջը աշխարհի հնագոյն աստղադիտարանն է: Աստղադիտման արդիւնքով հաստատեցինք, որ Քարահունջի գլխաւոր` 63-րդ քարը «Օրիոն»-ի ճշգրիտ ցուցիչն է: Պատկերացուցէք, որ այդ քարի անցքը ճշգրիտ կերպով իր մէջ «տեղաւորեց» «Օրիոն»-ի երեք աստղերը: Ան ցուցիչն է եւ ատիկա կարելի չէ պատահականութիւն համարել: Հետեւաբար, Քարահունջը աստղադիտման ամենահին կեդրոնն է: Կրահեմ Հենքոքի խօսքով` ան 12.000 տարեկան է, այսինքն` կը թուագրուի Ք.ա. 9600-ով»,-Aravot.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Վազգէն Գէորգեանը:

Անոր փոխանցմամբ` Կրահեմ Հենքոքը նաեւ յայտարարած է, որ այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող նէոլիթեան ժամանակաշրջանի ծիսական համալիրը` «Պորտասար»ը, կը պատկանի հայկական մշակոյթին եւ ընդհանրութիւններ ունի Քարահունջի հետ, որ իր հերթին կը հաստատէ` հայերու նախնիները եղած են աստղագիտութեան կրողն ու տարածողը:

«Քարահունջի թուագրումը Հենքոք կատարած է աստղային ձգուածութեան միջոցով: «Օրիոն» համաստեղութեան երկնային շարժը մօտ 26.000 տարի է: Հենքոք կ՛առաջնորդուի աստղային ծրագիրներով եւ կը գործակցի մասնագէտներու հետ: Ես ալ դիմած եմ Նովոսիպիրսքի Գէոդեզիական ակադեմիայի աստղագէտներուն, որոնք «աստղահնագիտութեան» միջոցով նոյնպէս հաստատած են թուագրումը: Հաստատուած է, որ համակարգչային այդ մեթոտը ճշգրիտ է եւ ճշգրիտ թուագրում ընելու հնարաւորութիւն կու տայ»,-նշած է Գէորգեան:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քարահունջի մասին Հենքոք վերջերս խօսած է Գանատայի մէջ տեղի ունեցած սեմինարի ընթացքին: Անոր գիրքերը միջազգային տարբեր վարկանիշներով` աշխարհի մէջ ամենապահանջուածներէն են. տպաքանակը արդէն գերազանցած է 7 միլիոնը: