Երեխաները Մեր Աշխարհն Են

Հայաստան

Հայ կանանց միջազգային միութեան նախաձեռնութեամբ, Մայիս 27-ին տեղի ունեցաւ երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային տօնին նուիրուած  «Երեխաները մեր աշխարհն են» խորագիրը կրող ձեռնարկը։

Հայ  կանանց  միջազգային  միութեան նախագահ Հրանոյշ Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ այս տօնը ՄԱԿ-ի կողմէն հաւանութեան արժանացած է 1956 թուականին եւ դարձած միջազգային: Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ «Երեխաներու իրաւունքներու մասին» ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը Անկախ Հայաստանը վաւերացուցած է 1992 թուականին: Ապա անոր կողմէն մշակուած եւ այսօր գործողութեան մէջ է ՀՀ օրէնքը «Երեխաներու իրաւունքներու մասին»:

Ձեռնարկի գլխաւոր անդրադարձը մանկական օրօրներու խորհուրդն ու իմաստն էր: Վերջին շրջանին տարբեր կառոյցներ, անհատներ, արուեստագէտներ մեծ ջանք կը թափեն հայ մայրերուն  հասցնելու հայկական օրօրներու ձայնագրութիւնները: Արեւիկ մանկական հրատարակչութեան տնօրէն Սաբէթ Յովհաննիսեանը ներկայացուց «Հայկական օրօրոցային գոհարները» ձայնասկաւառակի ստեղծման մպատմութիւնը, որ ուղեկցուած էր  ֆիլմի ցուցադրութեամբ: Շատ հետաքրքրական էր ազգագրագէտ, փրոֆեսոր  Ալինա Փահլեւանեանի խօսքը նուիրուած Ազգային օրօրները որպէս երեխայի ազգային ծինը հաստատող պայման: Ան շեշտեց, որ շատ օրօրներ հաւաքուած են գիւղ առ գիւղ շրջելով եւ մեր մեծերու կատարումները ձայնագրելով:

Դեռ չծնած երեխայի հոգեբանութեան շուրջ, մօր եւ երեխայի կապի, մօր ձայնի ազդեցութիւնը երեխայի ներարգանդային կայնքին մէջ ձեւաւորուելու գործընթացին եւ նման շատ հարցերու մասին ներկայացուց բժշկական գիտութիւններու թեկնածու բժշկուհի Լիլիթ Յակոբեանը:

Օտար եւ հայկական օրօրներու կատարումով ներկաները հիացուց  օփերային երգչուհի, վաստակաւոր արուեստագէտ  Քրիստինէ Սահակեանը: Ձեռնարկին իւրօրինակ հմայք հաղորդեցին Սպենդիարեանի անուան դպրոցի սաներ: Սաքսաֆոնահար Արմէն Դաղենց /16տ/ , ջութակահար   Աննա Մարգարեան (9տ/, դաշնակահարներ    Արեւ Վարդանեան (8տ/, եւ Կիմա Օհանեան /13տ/  արժանանցան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն: Արփի Սինանեան/15/  եւ    Տիգրան Ասոյեանը/11տ/ փայլեցան իրենց ժողովրդական երգերու կատարումներով:

Աւարտին Տիկին. Յակոբեանը երեխաները պարգեատրեց  Հայ կանանց միջազգային միութեան պատուոգրով:

Ձեռնարկը ամփոփեց ՀԿՄՄ անդամ Ռուզաննա Յակոբեանը, որ մասնաւորապէս շեշտեց, որ հայ ընտանիքները առանձնայատուկ հոգատարութեամբ կը շրջապատեն մեր երեխաները, անոնց կրթութեան  եւ զարգացման խնդիրները կը գտնուին ոչ միայն ծնողներու, այլ տատիկ, պապիկներու, հարազատներու ուշադրութեան կեդրոնին, որ հայ ընտանիքի մէջ սրբութեամբ կը դաստիարակեն  զինուորը:  Գեղեցիկ այս ձեռնարկին նախապատրաստած էին ՀԿՄՄ մշակութային յանձնաժողովի նախագահն ու անդամները:

Հայ  կանանց  միջազգային  միութիւն /AIWA/