Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ընդունի Նիկոլ Փաշինեանի Վճռական Յանձնառութիւնը Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու

Հայաստան

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այն կարծիքին է, թէ Հայաստանի մէջ արդարադատութեան ոլորտին մէջ խոր եւ համապարփակ բարեփոխումները երկրի ապագային համար կենսական նշանակութիւն ունին:

«Գլխաւոր պատճառը հետեւեալն է. Հայաստանի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը դատարաններուն չի վստահիր: Հանրային վստահութիւնը վերականգնելու համար լուրջ  բարեփոխումներու կարիք կայ: Եւրոպական Միութիւնը այն կարծիքին է, որ այդ բարեփոխումները պէտք է իրականացուին Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Անոնց կարգին` Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրին մէջ արդարադատութեան բարեփոխումներուն առնչուող փոխադարձ պարտաւորութիւններն են», յայտնած է ան:

Փիոթր Սվիթալսքիի համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է թեքնիք եւ  ֆինանսական շօշափելի աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի մէջ արդարադատութեան համակարգին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն: «Մենք կ՛ընդունինք արդարադատութեան համակարգին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան վճռական յանձնառութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է գիտնայ, որ այդ բարեփոխումներուն իրականացման ճամբուն վրայ կրնան մեր վրայ յոյս դնել: Արդարադատութեան բարեփոխումներու ծիրին մէջ մենք Հայաստանի հետ քաղաքական երկխօսութեան սկսած ենք եւ կառավարութիւնը կը խրախուսենք բարեփոխումներու համար անհրաժեշտ միջոցառումներուն ձեռնարկելու` քաղաքացիական հասարակութեան ու դատական հաստատութիւններուն հետ երկխօսութեան միջոցով», դիտել տուած է ան: Ըստ Փիոթր Սվիթալսքիի, դատարաններուն նկատմամբ հասարակութեան անվստահութիւնը երկու հիմնական պատճառ ունի. նախապէս եղած փտածութիւնն ու քաղաքական անկախութիւնը, քաղաքական մենատիրութիւնը: