ԵԽԽՎ Համազեկուցողները Քննադատած Են Փաշինեանի Կոչը

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

 Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մշտադիտարկման յանձնաժողովի՝ Հայաստանի մասով համազեկուցողները Երեքշաբթի, 21 Մայիսին հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ դատարաններու մուտքերն ու ելքերը արգելափակելու ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մայիս 19ի կոչին վերաբերեալ:

«Քաղաքական շահագրգիռ կողմերը պէտք է ձեռնպահ մնան գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ», ըսած են համազեկուցողներ Եուլիա Լովոչքինան եւ Անտրէյ Շիրցելը:

«Առանց այս որոշումի սկզ-բունքներուն վերաբերեալ կանխակալ կարծիք յայտնելու՝ մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ դատական համակարգի անկախութիւնը օրէնքի գերակայութեան նախապայմանն է, եւ որ օրէնքի գերակայութիւնը լաւագոյնս կ՛արտայայտէ քաղաքական ուժի կողմէ որեւէ միջամտութեան բացակայութեամբ: Գոյութիւն ունին օրինական գործընթացներ, ինչպէս բարձրագոյն դատական համակարգին դիմելը, դատարանի կողմէ կայացուած կասկածելի թուացող որոշումներուն բողոքարկելը: Օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանքը կ՛ենթադրէ յարգանք այն գործընթացներուն նկատմամբ, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր քաղաքացիները պաշտպանելու համար՝ անկախ անոնց ով ըլլալէն», աւելցուցած են ԵԽԽՎ համազեկուցողները:

Միւս կողմէ, անոնք շեշտած են, որ «տուեալ դատական որոշման (Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու մասին-Խմբ.) վերաբերեալ հանրութեան արձագանգը կ՛ընդգծէ, որ դատական համակարգին հանդէպ ժողովուրդի վստահութիւնը դեռեւս ցած է»:

«Դատական համակարգի բարեփոխումները կը շարունակեն առաջնահերթ ըլլալ, եւ մենք կ՛ողջունենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ոլորտի բարեփոխումներու վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ զանոնք Եւրոպայի խորհուրդին հետ իրականացնելու անոր ցանկութիւնը», ըսած են համազեկուցողները: