Բակօ Սահակեան եւ Արկադի Ղուկասեան Երաշխաւորագիր Ներկայացուցած են Դատարան Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Համար

Հայաստան

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու նստավայրին մէջ ընթացող ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատական նիստին ընթացքին՝ Քոչարեանի պաշտպաններէն Յովհաննէս Խուդոյեան ներկայացուցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ ԱՀ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը՝ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան ըսած է, որ երաշխաւորութեան քննման համար պէտք է ապահովել անոնց ներկայութիւնը:

Պաշտպանական կողմը նշած է՝ նիստը թող շարունակուի, անոնք կապ պիտի հաստատեն նախագահներու հետ եւ պիտի փորձեն համաձայնեցնել ներկայանալու հարցը։

Նշենք, որ դատարանին մէջ այսօր նոյնպէս ներկայ եղած է Ռոպերթ Քոչարեանը, իսկ ապակիէն այն կողմ նաեւ անոր կրտսեր որդին, աջակիցներն ու դէմ արտայայտուող այլ քաղաքացիներ։

Մայիս 13-ին մեկնարկած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Եուրի Խաչատուրովի, 2008-ին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեանի գործով դատաքննութեան փուլը. առաջին դռնբաց դատական նիստին պէտք է քննուէր Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանքը ընտրելու հիմնաւոր ըլլալ-չըլլալու հարցը: Նոյնը օրը, անոր պաշտպանները միջնորդութիւն ներկայացուցած էին դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին՝ ինքնաբացարկի վերաբերեալ: Մայիս 14-ին դատարանը մերժած էր պաշտպաններու այդ միջնորդութիւնը: