Ֆրիտիոֆ Նանսէն (1861-1930). Հայ Ժողովուրդի Իրաւապաշտպան Մեծ Մարդասէրը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն․

Մա­յիս 13ի այս օ­րը կ’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 89-րդ տա­րե­լի­ցը նոր­վե­կիա­ցի մեծ մար­դա­սէր Ֆ­րի­տեոֆ Նան­սէ­նի, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան է­ջե­րուն ար­ժա­նի տեղ գրա­ւած հա­յա­սէր օ­տար­նե­րու փա­ղան­գին մէջ՝ կը զա­տո­րո­շո­ւի հա­յա­պաշտ­պա­նի իւ­րա­յա­տուկ լու­սապ­սա­կով։

Մարդ­կա­յին դա­ժա­նու­թիւն եւ տա­ռա­պանք շատ տե­սաւ ­Նոր­վե­կիոյ մե­ծա­նուն այս զա­ւա­կը, որ իբ­րեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին ստեղ­ծո­ւած Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի գաղ­թա­կա­նա­կան հար­ցե­րով լիա­զօր ­Յանձ­նա­կա­տար՝ մօ­տէն առն­չո­ւե­ցաւ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­ժին հա­նո­ւած մեծ ող­բեր­գու­թեանց հետ։

Յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցեց ­Նան­սէ­նին։

Ա­տե­նին ­Նան­սէն վկա­յեց, թէ «ին­ծի հա­մար դժո­ւար է հա­ւա­տալ, որ ոե­ւէ մէ­կը կրնայ ծա­նօ­թա­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, ա­ռանց խո­րա­պէս ցնցո­ւե­լու ա­նոր մեծ ող­բեր­գու­թե­նէն»։

Իսկ դուստ­րը՝ մե­ծա­նուն մար­դա­սէր իր հօր յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շե­րուն մէջ, վկա­յեց.- «­Հայրս մա­հա­ցաւ «հայ» բա­ռը շուրթ­նե­րուն: Դուք ա­նոր սրտի սի­րե­լի զա­ւակ­ներն էիք: ­Հօրս հան­դէպ հայ ժո­ղո­վուր­դին տա­ծած խո­րը սէրն ու ան­սահ­ման ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցու­մը ա­նոր յի­շա­տա­կի յա­ւեր­ժա­կան յու­շար­ձանն են»:

Ի­րա­ւամբ, ­Հա­յաս­տա­նը ազ­գա­յին հե­րո­սի դափ­նեպսա­կին ար­ժա­նա­ցուց ­Նան­սէ­նին, իսկ մեր ժո­ղո­վուր­դի աշ­խար­հաս­փիւռ բե­կոր­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ, մին­չեւ մեր օ­րե­րը, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խոր զգա­ցում­նե­րով կը պահ­պա­նո­ւի ա­նու­նը այս ե­զա­կի ­Հա­յա­սէ­րին։

Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ ­Նան­սէն առն­չո­ւե­ցաւ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 1922-1923-էն սկսեալ, բայց այ­նու­հե­տեւ՝ մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը, ­Նոր­վե­կիոյ այս ազ­նո­ւա­կան զա­ւա­կը ծա­ռա­յեց քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած հա­յու­թեան վէր­քե­րու դար­մա­նու­մին եւ ցա­ւե­րու ա­մո­քու­մին։

Նան­սէն ծնած է 10 ­Հոկ­տեմ­բեր 1861-ին, Ք­րիս­թիա­նիա քա­ղա­քի (այժ­մու մայ­րա­քա­ղաք Օս­լո­յի) ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ ­Հայ­րը յա­ջո­ղած ու յար­գո­ւած ի­րա­ւա­բան մըն էր, որ իր բա­րե­պաշտ ու աս­տո­ւա­ծա­վախ վար­քով խոր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ ­Նան­սէ­նի կազ­մա­ւոր­ման վրայ։ «Անձ­նա­կան պար­տա­ւո­րու­թեան եւ բա­րո­յա­կան սկզբուն­քի» շեշ­տա­կի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը Նան­սէն ժա­ռան­գած էր իր հօր­մէ։ Իսկ մայ­րը, որ բնու­թե­նա­պաշտ էր եւ բա­ցօ­թեայ մար­զանք­նե­րու մեծ հա­կում ու­նէր, իր զաւ­կին մէջ զար­գա­ցուց մար­զի­կի (դա­հու­կորդ) եւ կեն­դա­նա­բա­նի ու ով­կիա­նո­սա­գէ­տի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։
Այդ ճամ­բով էր, որ ­Նան­սէն դար­ձաւ միա­ժա­մա­նակ մեծ մար­զիկ ու հե­տա­խոյզ, գիտ­նա­կան եւ գրող, պե­տա­կան գոր­ծիչ ու աշ­խար­հահռ­չակ մար­դա­սէր։

Ե­րի­տա­սար­դա­կան իր շրջա­նին, ա­նընդ­մէջ ութ տա­րի շա­րու­նակ, ­Նան­սէն հան­դի­սա­ցաւ Նոր­վե­կիոյ դա­հու­կար­շա­ւի ա­խո­յեա­նը։

Օս­լո­յի ­Հա­մալ­սա­րա­նի բնա­կան գի­տու­թեանց բա­ժի­նը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ 1880-ին եւ նո­ւի­րո­ւե­ցաւ կեն­դա­նա­կան մար­մին­նե­րու նեար­դա­յին հա­մա­կար­գի ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ով­կիա­նո­սա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու։ 1887-ին իր ա­ւար­տած ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ կեն­դա­նի էակ­նե­րու նեար­դա­յին կեդ­րո­նա­կան դրու­թեան մա­սին, ­Նան­սէ­նին ա­պա­հո­վեց բնա­կան գի­տու­թեանց տոք­թո­րի աս­տի­ճան, ա­նոր առ­ջեւ բա­նա­լով հե­ղի­նա­կա­ւոր ­Պեր­կը­նի թան­գա­րա­նի գի­տաշ­խա­տո­ղի նա­խան­ձե­լի աս­պա­րէ­զը։

Հա­զիւ հա­մալ­սա­րա­նէն վկա­յո­ւած, 1888-ին, ­Նան­սէն ձեռ­նար­կեց տա­րի­նե­րու իր ե­րա­զին ի­րա­գործ­ման՝ հիւ­սի­սա­յին բե­ւե­ռը հե­տա­զօ­տող ա­ռա­քե­լու­թեան մը կազ­մա­կեր­պու­մին։ Սառ­ցա­կա­լած ով­կիա­նո­սը կտրե­լով դէ­պի հիւ­սի­սա­յին բե­ւեռ ա­ռա­ջա­նա­լու եւ էս­քի­մո­նե­րու կեան­քին, ինչ­պէս նաեւ կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հե­տա­խու­զա­կան ա­ռա­ջին այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­միս­ներ տե­ւեց՝ բնա­կան դա­ժան պայ­ման­ներ եւ դժուա­րու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լու ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մը շնոր­հե­լով Նան­սէ­նի։ ­Հե­տա­խու­զա­կան իր ծա­ռա­յու­թեանց առ ի գնա­հա­տանք՝ ­Նան­սէն նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Օս­լո­յի հա­մալ­սա­րա­նի նո­րա­հաս­տատ ով­կիա­նո­սա­գի­տու­թեան բաժ­նի վա­րիչ¬տնօ­րէն, պաշ­տօն՝ որ շու­տով ան­ցու­մի հանգ­րո­ւան մը պի­տի ըլ­լար դէ­պի ­Նան­սէն պե­տա­կան գոր­ծի­չի հան­րա­յին ու քա­ղա­քա­կան աշ­խոյժ ծա­ռա­յու­թեան աս­պա­րէ­զը։

Մին­չեւ 1900-ա­կան­նե­րը ­Նոր­վե­կիա մաս կը կազ­մէր ­Շո­ւէ­տի թա­գա­ւո­րու­թեան։ ­Բայց ան­կա­խու­թեան ձգտում­նե­րը եւ ազ­գա­յին ու­րոյն պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման պա­հանջ­նե­րը սկսած էին լայն հող գտնել նոր­վե­կիա­ցի­նե­րու մօտ։ ­Նան­սէն դար­ձաւ դրօ­շա­կի­րը ­Նոր­վե­կիոյ ան­կա­խաց­ման։ ­Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սրած ու լա­րո­ւած էին շո­ւէ­տա­ցի­նե­րուն եւ նոր­վե­կիա­ցի­նե­րուն մի­ջեւ։ ­Նան­սէն ի գործ դրաւ անձ­նա­կան մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն վա­յե­լող հան­րա­յին դէմ­քի եւ յա­ջող բա­նագ­նա­ցի իր ողջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի առ­ճա­կա­տու­մի չեր­թան զոյգ եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Ի նպաստ ­Նոր­վե­կիոյ ան­կա­խու­թեան կողմ­նո­րո­շո­ւած ժա­մա­նա­կի եւ­րո­պա­կան ա­մէ­նէն ազ­դե­ցիկ ու­ժը ­Մեծն Բ­րի­տա­նիան էր, ո­րուն պաշ­տօ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ­Նան­սէն ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Լոն­տոն, ուր ա­ւե­լի քան ա­միս մը մնաց եւ սերտ կա­պեր հաս­տա­տեց ինչ­պէս թա­գա­ւո­րին, այն­պէս ալ վար­չա­պե­տին հետ։ Ա­պա­հո­վեց նաեւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ­Նոր­վե­կիոյ ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին։ 1905-ին ան­կախ ­Նոր­վե­կիոյ հաս­տա­տու­մէն ետք, ­Նան­սէն ստանձ­նեց ­Նոր­վե­կիոյ դես­պա­նի պաշ­տօ­նը Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ մօտ, 1906-էն 1908։ ­Մինչ մի­ջազ­գա­յին իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու ի­մաս­տով դես­պա­նու­թեան այդ տա­րի­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ ե­ղան, անձ­նա­կան կեան­քի ա­ռու­մով ե­ղան ծանր դժբախ­տու­թեան ժա­նա­նա­կաշր­ջան մը, ո­րով­հե­տեւ 1907-ին ­Նան­սէն կորսն­ցուց իր կեան­քի ըն­կե­րը՝ Է­վա ­Նան­սէ­նը։

Կ­նոջ կո­րուս­տէն ետք ­Նան­սէն հրա­ժա­րե­ցաւ պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէ եւ իր լրիւ ժա­մա­նա­կը յատ­կա­ցուց հա­մալ­սա­րա­նա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան եւ դստեր հո­գա­տա­րու­թեան։ ­Բայց մին­չեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մարտ տե­ւեց կեան­քի այդ ե­ղա­նա­կը։ ­Պա­տե­րազ­մի բռնկու­մին հետ, Նոր­վե­կիա չէ­զո­քու­թիւ­նը ընտ­րեց, բայց տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թեանց առ­ջեւ կանգ­նե­ցաւ, երբ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րը պա­տե­րազ­մի մէջ մտան եւ ար­գելք դրին դէ­պի ­Նոր­վե­կիա ապ­րանք­նե­րու ա­ռաք­ման վրայ։ ­Նան­սէ­նի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան նոր ա­ռա­քե­լու­թիւն մը, այս ան­գամ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ, տնտե­սա­կան ար­գել­քը վերց­նե­լու բա­նակ­ցու­թեանց հա­մար։ Այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւս յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց ­Նան­սէն։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տի օ­րե­րուն սկսած էր հա­սուն­նալ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի կազ­մու­թեան գա­ղա­փա­րը։ ­Նան­սէն սրտանց ջա­տա­գո­վը եւ ա­ջա­կի­ցը ե­ղաւ ­Լի­կա­յի կազ­մու­թեան ճի­գե­րուն։ Եւ երբ կազ­մո­ւե­ցաւ Ազ­գե­րու ­Լի­կան, շտապ կար­գով ­Նան­սէ­նի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի տա­րած­քին ցի­րու­ցան դար­ձած գեր­մա­նա­ցի ռազ­մա­գե­րի­նե­րու հա­ւաք­ման, պատս­պար­ման եւ տուն դար­ձի ծայր աս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ ­Հա­կա­ռակ խորհր­դա­յին­նե­րու սկզբնա­կան դժկա­մու­թեան, Նան­սէն յա­ջո­ղե­ցաւ ըն­դու­նե­լի խօ­սա­կից մը դառ­նալ պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն եւ պա­տո­ւա­բեր ար­դիւն­քի տա­րաւ ­Լի­կա­յի կող­մէ ի­րեն վստա­հո­ւած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Իր այդ յա­ջո­ղու­թիւ­նը հիմք ծա­ռա­յեց, որ­պէս­զի Ազ­գե­րու ­Լի­կան ­Նան­սէ­նի յանձ­նէ ­Լի­կա­յի Գաղ­թա­կա­նու­թեան ­Յանձ­նա­կա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Իր այդ պաշ­տօ­նին վրայ, պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ նո­ւա­ճում մը ար­ձա­նագ­րեց ­Նան­սէն, երբ յա­ջո­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց ­Յու­նաս­տան-­Թուր­քիա պա­տե­րազ­մին եւ Իզ­մի­րի ա­ղէ­տին հե­տե­ւան­քով ա­ռա­ջա­ցած ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն յոյն եւ հայ տե­ղա­հան­նե­րու ­Յու­նաս­տան տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, իսկ Թ­րա­կիոյ շրջա­նէն շուրջ կէս մի­լիոն թուր­քե­րու ­Թուր­քիա տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։ ­Նաեւ կեան­քի կո­չեց գաղ­թա­կան­նե­րու ան­ցագ­րա­յին յա­տուկ դրու­թիւն մը, որ ­Լի­կա­յի օրհ­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ եւ ա­ւե­լի քան 52 եր­կիր­նե­րու կող­մէ ճանչ­ցո­ւե­ցաւ՝ Նան­սէ­նեան Ան­ցա­գիր ա­նու­նը ստա­նա­լով եւ մին­չեւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք ալ ի զօ­րու մնա­լով։

Իր այդ նո­ւա­ճու­մին հա­մար, 1922-ին, ­Նան­սէն ար­ժա­նա­ցաւ ­Նո­պէ­լեան ­Խա­ղա­ղու­թեան Մր­ցա­նա­կին։
Նոյն այդ շրջա­նին էր, որ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յի ­Գաղ­թա­կա­նու­թեան ­Յանձ­նա­կա­տա­րի իր պաշ­տօ­նով, ­Նան­սէն լծո­ւե­ցաւ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հո­գա­տա­րու­թեան դժո­ւա­րին աշ­խա­տան­քին։ ­Զու­գա­դի­պե­ցաւ նաեւ, որ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի ցո­րե­նի ցան­քի փճաց­ման հե­տե­ւան­քով հա­մա­տա­րած մեծ սո­վի ա­լիք մը հա­րո­ւա­ծեց տա­րա­ծաշր­ջա­նը։ Նան­սէն ա­րա­գօ­րէն օգ­նու­թեան հա­սաւ, խորհր­դա­յին­նե­րու դէմ Եւ­րո­պա­յի եւ Մ. նա­հանգ­նե­րու մէջ հա­մա­տա­րած վե­րա­պա­հու­թեան եւ թշնա­ման­քի մթնո­լոր­տը փա­րա­տեց, կրցաւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ հա­ւա­քել եւ ա­ռաջ տա­նիլ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ սնուն­դով ու բու­ժու­մով ա­պա­հո­վե­լու մար­դա­սի­րա­կան իր մեծ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք թէեւ Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յով խան­դա­վառ չէին, այ­դու­հան­դերձ գրկա­բաց ըն­դու­նե­ցին ­Նան­սէ­նը։ ­Նոյ­նիսկ նկա­տի չու­նե­ցան, որ իր երկ­րի՝ Նոր­վե­կիոյ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ, ­Նան­սէն եր­դո­ւեալ հա­կա­ռա­կորդ էր ըն­կեր­վա­րա­կան հա­կու­մի տէր կու­սակ­ցու­թեանց։
Խորհր­դա­յին ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած՝ ­Նան­սէն 1925-ին ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց, մօ­տէն հե­տե­ւե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հո­գա­տա­րու­թեան գոր­ծին։ ­Նան­սէն միա­ժա­մա­նակ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ցրո­ւած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հո­գա­տար պա­հա­պա­նը դար­ձաւ եւ մին­չեւ 1930-ի իր վախ­ճա­նը՝ ա­մէն ճիգ ի գործ դրաւ վե­րապ­րող հա­յու­թեան վէր­քե­րը դար­մա­նե­լու եւ մեծ վիշ­տը ա­մո­քե­լու հա­մար։

Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէ կա­տա­րո­ւած ­Նան­սէ­նի այն հաս­տա­տու­մը, թէ՝ «­Չա­րիքն ու բռնու­թիւն­նե­րը չեն կա­րո­ղա­ցած ընկ­ճել հայ ժո­ղո­վուր­դին. ա­մէն ան­գամ, ո­րե­ւէ տե­ղէ ծա­գած լոյ­սի նշոյլն ան­գամ սնու­ցած է ա­զա­տու­թեան ե­րա­զան­քը հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ»։ Այդ հի­ման վրայ ալ, ­Նան­սէն կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ’ընդգ­ծէր, թէ «­Հայ ազ­գի պատ­մու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ փոր­ձար­կում է: ­Գո­յա­պահ­պա­նու­թեա՛ն փոր­ձար­կում»:

Մեծ մար­դա­սէ­րին եւ հա­յա­պաշտ­պա­նին մա­հո­ւան 89-րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման այս հա­կիրճ է­ջով կ­՚ար­ժէ ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տագ­րին վե­րա­բե­րեալ ­Նան­սէ­նի հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թեան վրայ, որ միան­գա­մայն ա­նոր պատ­գամն է մեր սե­րունդ­նե­րուն.-

«Եւ­րո­պա­կան ժո­ղո­վուրդ­ներն ու պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը յոգ­նած են մշտնջե­նա­կան ­Հայ­կա­կան Հար­ցէն: Ա­տի­կա ինք­նըս­տին­քեան հասկ­նա­լի է: ­Չէ՞ որ այդ հար­ցը ա­նոնք ձա­խո­ղե­ցու­ցին: Հա­յաս­տան ա­նու­նը ա­նոնց նիր­հած խիղ­ճե­րուն մէջ կ’արթնց­նէ սոսկ ու­րա­ցո­ւած կամ չկա­տա­րո­ւած խոս­տում­նե­րու տհաճ յի­շո­ղու­թիւն­ներ:

Ա­նոնք ի­րենց մա­տը մա­տին չզար­կին՝ ի­րենց խոս­տում­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար, քա­նի որ այդ խոս­տում­նե­րը տրո­ւած էին թէեւ փոքր ու ար­նա­քամ, սա­կայն շնոր­հա­լի ժո­ղո­վուր­դի մը, որ չու­նէր նաւ­թի ու ոս­կիի հան­քա­վայ­րեր: ­Կը կա­րեկ­ցիմ հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ խճճո­ւե­ցաւ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­ւե­լի լաւ կրնար ըլ­լալ, ե­թէ իր ա­նու­նը եր­բե­ւէ հնչած չըլ­լար եւ­րո­պա­ցի ոե­ւէ քա­ղա­քա­գէ­տի բեր­նէն»…

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւա­պաշտ­պան մեծ ­Մար­դա­սէ­րին յի­շա­տա­կին ծաղ­կեպ­սակ թող ըլ­լայ ա­նոր խո­հե­րէն քա­ղո­ւած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը.-
«Ինձ հա­մար դժո­ւար է հա­ւա­տալ, թէ ո­րե­ւէ մէ­կը կրնայ ծա­նօ­թա­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, ա­ռանց խո­րա­պէս ցնցո­ւե­լու ա­նոր մեծ ող­բեր­գու­թե­նէն։

«­Հայ ժո­ղո­վուր­դը հո­գա­ծու­թեամբ պահ­պա­նե­լով իր հին ու ինք­նա­տիպ մշա­կոյ­թը՝ յա­ջո­ղու­թեամբ կը զար­գաց­նէ զայն՝ ա­նոր տա­լով չտես­նո­ւած փայլ»։