ՀՀ ՊՆ Վարչական Համալիրի Տարածքին Վրայ «Միասնութիւն» Յուշակոթողը Տեղադրուած է

Հայաստան

Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարեդարձի օրը՝ ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրի տարածքին վրայ տեղի ունեցած է «Միասնութիւն» յուշակոթողի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ, զօրավար-հրամանատար Արտակ Դաւթեանը, ՊՆ, ԶՈՒ եւ ԶՈՒ ԳՇ ղեկավար կազմը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յուշակոթողը օծած է Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեան:

Արարողութեան ընթացքին քանդակագործ Վարազդատ Համբարձումեան նշած է, որ յուշակոթողի երկու սուր-խաչերը, որոնք պատրաստ են իւրաքանչիւր պահ պաշտպանելու հայրենիքը, կը խորհրդանշեն հայկական երկու պետութիւնները` Հայաստանն ու Արցախը։ Յուշակոթողին նուռը ժողովուրդն է, որ իր աշխատանքով կը կերտէ հզօր պետութիւն։