Ընդհանրապէս Հայերէնի Համար Համազգային Խնդիր Ունինք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Լրատուամիջոցները արձագանգեցին Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ Նարինէ Թուխիկեանի յայտարարութեան, ըստ որուն ինք հանդէս պիտի գայ «արեւմտահայերէնի մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ»:

Մեկնելով UNESCO-ի այն յայտարարութենէն, որ «արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու է», այսինքն կրնայ կորսուիլ, Նարինէ Թուխիկեան կը հասնի ինքնատիպ եզրակացութեան մը: Ան կ՛ըսէ. «…ես կը կարծեմ, որ Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման երաշխաւորը, ո՛չ թէ Սփիւռքը»: Մտահոգութիւնը բաժնելով հանդերձ, կը խորհինք, որ եզրակացութիւնը, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար, քիչ մը հապճեպ է: Առանց արեւմտհայերէնի ժառանգորդ, այդ լեզուով խօսող եւ գրող զանգուածներուն, ի՞նչ բանի երաշխաւոր եւ տարածող կրնայ ըլլալ Հաաստանը:

Ճիշդ է, երբ ան կ՛ըսէ. «Մենք ունինք պետութիւն, որ պարտաւոր է իր մշակութային գանձերը պաշտպանելու, իսկ ամենամեծ եւ ամենաթանկագին գանձը լեզուն է: Հիմա մենք կ՛օգտագործենք արեւելահայերէնը, կը պահպանենք զայն, բայց արեւմտահայերէնը, որուն կիրարկողները Հայաստանի մէջ չեն, դուրսը կ՛ապրին…»:

Բնական է որ հայրենի պետութիւնը ինքզինք պարտաւոր զգայ «ամենաթանկագին գանձ»ի պաշտպանութեան համար, բայց, կրկնենք, քիչ մը արագ եզրակացութիւն է ըսել, որ «Հայաստանն է արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման երաշխաւորը, ո՛չ թէ Սփիւռքը»: Ինչպէ՞ս կարելի է նման եզրակացութեան յանգիլ: Արեւմտահայերէնը մինչեւ այսօր Պոլսոյ եւ Սփիւռքի մէջ կը խօսուի եւ կը գրուի որպէս կենդանի լեզու, հաղորդակցութեան եւ մշակոյթի լեզու, ընդունելով հանդերձ, որ տեղատուութիւններ կան, բայց կան կրթական հաստատութիւններ, թերթեր, հրատարակութիւններ եւ այդ լեզուով գրականութիւն: Եթէ Սփիւռքը մինչեւ այսօր տէր եւ երաշխաւոր մնացած չըլլար արեւմտահայերէնի, անիկա շատոնց մեռեալ լեզու կ՛ըլլար: Նոյն Սփիւռքը, ոչ միայն անկարելի թուացող պայմաններու մէջ արդէն դար մըն է որ կը յաջողի պահել արեւմտահայերէնը, այլ նաեւ այդ լեզուով ստեղծեց գրականութիւն, ոչ միայն հայրենահանուած առաջին սերունդով, այլ նաեւ «սփիւռքածիններ»ով:

Ի հարկէ պետութիւնն է պատասխանատու լեզուի պաշտպանութեան, լեզուն ըլլալով ազգի ինքնութեան եւ շարունակութեան երաշխաւոր: Եւ պէտք է ընդհանրացնել, առանց արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի տարբերակման ըսել այդքան. պետութիւնն է պատասխանատու լեզուի պաշտպանութեան:

Հարց է, թէ ի՞նչ կը դնենք այդ պաշտպանութեան գլխուն տակ: Ապա միայն պէտք է խօսիլ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մասին:

Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը պաշտպանել առանց պաշտպանելու եւ վերականգնելու արեւելահայերէնը, մանաւանդ երբ անոնք կողք կողքի պիտի ուսուցուին:

Պետութիւնը ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէ արեւմտահայերէնը, զայն ուսուցանելով որպէս օտա՞ր լեզու, ինչպէս կ՛ուսուցուին անգլերէնը, ռուսերէնը, ֆրանսերէնը, չինարէնը, թրքերէնը: Արեւմտահայերէնի ուսուցումը կը հետաքրքրէ՞, կրնա՞յ հետաքրքրել սերունդը, բացի անոնցմէ որոնք կ՛ուզեն մասնագիտանալ լեզուագիտութեան եւ գրականութեան մէջ: Ըսուած է. «…արեւմտահայերէնը իբրեւ կր-թական առարկայ պէտք է դասաւանդուի հայաստանեան դպրոցներուն մէջ, իւրաքանչիւր հայ պէտք է արեւմտահայերէնի կրողը ըլլայ…»: Օրինակելի միտում, ոչ միայն Հայաստանի հայուն համար, այլ տարտղնուող եւ նահանջող Սփիւռքի:

Ներկայ կամ արդի արեւելահայերէնի կողքին կարելի՞ է արեւմտահայերէն սորվեցնել: Խօսքը չի վերաբերիր մասնագիտանալու կոչուած ընտրանիին: Այս հարցումին պէտք է պատասխանել առանց հայրենասիրական-զգացական կամ բանագիտական ճառի փորձութեան:

Երբ նոյն լեզուն կը գրուի, պիտի գրուի երկու տարբեր ուղղագրութիւններով, ուսուցիչը ինչպէ՞ս արեւմտահայերէն ճիշդ գրել պիտի սորվեցնէ Հայաստանի դպրոցին մէջ: Այս մտահոգութեամբ ալ ըսի, որ արեւմտահայերէնը որպէս օտա՞ր լեզու պիտի ուսուցուի: Չենք խորհիր, որ աշակերտը, որ արդի արեւելահայերէն կը խօսի եւ կը գրէ, ինչպէ՞ս պիտի լուծէ ուղղագրութեան հարցը. հայերեն եւ հայերէն, բարություն եւ բարութիւն, հավ եւ հաւ, կը յերգեյի եւ կ՛երգէի: Նոյն տառերով եւ նոյն բառերը տարբեր ձեւով գրելով երկու լեզու ինչպէ՞ս պիտի ուսուցուի աշակերտին:

Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէն սորվեցնել ենթադրուածէն աւելի դժուար պիտի ըլլայ, ուղղագրական խոչնդոտին պատճառով: Ընդունելով որ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբեր են, բայց այդ տարբերութիւնը խորացուցած եւ պատնէշի վերածած ուղղագրութեան հարցը միաժամանակ օրակարգ պէտք է դարձնել, նպատակ ունենալով արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի իրարմէ խորթացման նուազումը: Ինչ որ յաճախ չենք ըսեր, նաեւ նոր սերունդները մօտեցնելու համար զոյգ աշխարհաբարներու մեր հարստութեան գանձարան գրաբարին:

Ինչ որ յաճախ չենք յիշեր եւ չենք յիշեցներ մեր լեզուի բառագանձի խնդիրն է. զտում, հարստացում եւ արդիականացում: Խնդիր՝ որ սուր կերպով կը դրուի արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի համար միաժամանակ:

Արեւմտահայերէնը, այնպէս ինչպէս որ է այսօր, այնպէս ինչպէս որ կը խօսուի եւ կը գրուի,  կանգնած է կեանքի լեզու ըլլալու դժուարութեան առջեւ: Անիկա հետզհետէ կը սեղմուի գործածական-դիւրին-դիւրացուած լեզուի նուազագոյն տարածք ունեցող հաղորդակցական միջոցի մը սահմաններուն մէջ: Օրինակ, ծաղիկներուն անունները չեն տրուիր, բացի քանի մը ծաղիկներէ, կը բաւականանանք ըսելով ծաղիկ, նոյնն է պարագան ծառերուն, բոլորին համար կ՛ըսենք ծառ: Նոյնը՝ բոյսերուն համար: Բժշկական եւ հիւանդութիւններու վերաբերեալ բառերը, Հայաստան եւ սփիւռքներ իրենց մեծամասնութեամբ, հայերէն չեն այլեւս, թրքերէն, արաբերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն են, մինչդեռ անոնց հայերէնները կան: Անոնց գործածութեան բացակայութիւնը պատճառ է, որ հայերէնը դադրի կեանքի լեզու ըլլալէ: Հետեւանքը կ՛ըլլայ օտարախօսութիւնը:

Հայաստանի մէջ հայերէնը կեանքի լեզու է, մարդիկ կը խօսին նոյն բառերով, նոյնիսկ երբ անոնց մէկ մասը վայրագ փոխառութիւն է, որ դարձած է բնական, ընդունուած, իւրացուած, ճնշումներու հետեւանքով, գործնապաշտութեամբ, երէկ, եւ այսօր ալ, տուրք տալով սուտուփուտ արդիականութեամբ, անցեալի թրքերէնին եւ ռուսերէնին վրայ գումարելով ամերիկերէնը: Այս կ՛ընենք ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, նախարարէն մինչեւ հեռատեսիլի խօսնակները, մինչեւ շուկայի կանաչի վաճառողները:

Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի պարագային, լեզուի վերականգնումը կ՛ենթադրէ բառագանձի վերականգնումը մեր լեզուի արմատներուն վրայ եւ այդ հունով բառագանձի նոյնացումը զոյգ աշխարհաբարներուն համար:

Այս աշխատանքը ազգային քաղաքականութիւն է:

Իսկ արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն հետաքրքրութեան համար, զգացական պատճառներով, կամ այդ լեզուով ստեղծուած գրականութիւնը չկորսնցնելու, այլ նաեւ՝ հայրենատիրական-քաղաքական: Արեւմտահայերէնը ըլլալով բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի ոգեկանութիւնը, անոր պաշտպանութիւնը էապէս քաղաքական ընտրանք է, քանի որ լեզուն յիշեցումն է այն հայրենիքին՝ ուր ստեղծուած եւ զարգացած էր, անով ստեղծուած էր մշակոյթ եւ միացուած էր ժողովուրդը:

Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը եւ ուսուցումը կրնայ յաջողիլ միայն երբ մշակուի եւ գործադրութեան դրուի ընդհանրապէս հայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման ծրագիր մը, որ ընդգրկէ խօսակցական եւ գրական լեզուի մէջ հայերէնի հարազատ բառագանձի վերադարձը, հեռանալով օտարամուտ անհարթութիւններէ եւ խորթութիւններէ, զոյգ աշխարհաբարներու պարագային:

Այսինքն պէտք է ունենալ լեզուական որակի անսեթեւեթ քաղաքականութիւն: Եւ միշտ պէտք է կրկնել. Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ազգային ժողովի անդամ Կարինէ Թուխիկեան իր արեւմտահայերէնի մասին օրէնսդրական նախաձեռնութեան մշակման համար, ինչո՞ւ ցարդ արեւմտահայերէնը պահած սփիւռքեան կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ դէմքերու հետ պիտի չխորհրդակցի, յաւելեալ ճշգրտութիւն, հեռանկար եւ կշիռ տալու համար անոր, եւ քայլ մըն ալ անդին երթալով, խօսելու համար Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի աղճատման եւ տեղատուութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ եւ պաշտպանուիլ:

Կանխելու համար լաւ գաղափարի մը սոսկ հրավառութիւն դառնալու վտանգը: