Էական Փոփոխութիւններու Ենթարկուած է Զօրամասերու եւ Մարտական Դիրքերու Սննդակարգը. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիսի 8-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ վերահաստատեց` այս տարուան Յուլիս մէկէն պիտի բարձրանան զինուորականներու աշխատավարձերը:

Ըստ “Արմենփրես”-ի՝ վարչապետը ընդգծեց, որ զինուորական շարքային-պայմանագրային կազմի աշխատավարձը պիտի բարձրանայ շուրջ 20 տոկոսով, իսկ առանձնայատուկ պայմաններու մէջ ծառայութիւն իրականացնող զինուորներուն աշխատավարձը` շուրջ 30 տոկոսով:

«Պիտի բարձրանայ նաեւ ժամկետային զինուորական ծառայողներու դրամային բաւարարման չափը»,- ըսած է ան:

Վարչապետը նկատեց, որ պահուստային ֆոնտէն 5.7 միլիառ դրամ յատկացուած է զինուորական կենսաթոշակառուներու բնակարանային կարիքները հոգալու համար, ի դէպ՝ մարզերու մէջ բնակող բոլոր շահառուներու նկատմամբ պետութեան ունեցած բնակարանային պարտաւորութիւնները լրիւ պիտի կատարուին: Այդ պարտաւորութիւնները մասամբ պիտի կատարուին նաեւ Երեւանի մէջ բնակող շահառուներու համար:

«Շուրջ 700-ով կրճատուած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ժամկետային զինծառայողներու թիւը: Անոնց փոխարինած են պայմանագրայինները: Ոստիկանութեան զօրքերը կը մասնակցին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի պահպանութեան եւ ունին իրենց պահպանութեան տեղամասը»,- նշած է ան:

Ան աւելցուց, որ սահմանապահ 47 մարտական դիրքեր ապահովուած են արդիւնաբերական էլեկտրական հոսանքով, 73 մարտական դիրքեր ապահովուած են ջրամատակարարմամբ: Շուրջ 180 մարտական դիրք ապահովուած է սառնարաններով: Յառաջիկային սառնարաններով պիտի ապահովուին եւս 45 մարտական դիրք: Շուրջ 380 հատ լուացքի մեքենայ տրամադրուած է զօրամասերուն, սահմանի երկայնքով տեղադրուած են 136 նոր, ժամանակակից տեսադիտարկման սարքեր:

«Զինուորներու նախասիրութիւններու ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով էական փոփոխութիւնների ենթարկուած է զօրամասերու եւ մարտական դիրքերու սննդակարգը: Լաւաշ, արեւածաղկի ձէթ, գետնախնձեր, սոխ, լոլիկի մածուկ, սեզոնին կտրուի լոլիկ եւ վարունգ: Յառաջիկային պիտի տրուի նաեւ մեղր, ճարպ, սխտոր, սեւ պղպեղ, կարմիր պղպեղ, պահածոյացուած գետնախնձոր, մագարոն եւ այլն: Ժամկետային զինծառայողները այլեւս ապահովուած են բարձրորակ շապիկներով եւ կիսավարտիքներով: Յառաջիկային էական փոփոխութեան պիտի ենթարկուի զինուորականներուն տրուող հագուստի, կօշիկի որակը: ժամկետային զինծառայողներուն արտօնուած է ունենալ բջջային հեռախօսներ եւ մշտական կապի մէջ ըլլալ ընտանիքի անդամներու հետ»,- մանրամասնեց ՀՀ վարչապետը:

Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան սկսել է СУ30СМ բազմագործառոյթ կործանիչներու գնման գործընթաց: «Սա կը հրապարակեմ, որովհետեւ յայտնի փաստ է արդէն: Այլ սպառազինութիւններու եւ տեխնիկայի ձեռքբերման մասին տեղեկատուութիւն չեմ կրնար հրապարակել»,- ըսած է ան:

«107 զինծառայողներու նորակառոյց շէնքերուն մէջ անհատոյց օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած են բնակարաններ: 410 բնակարաններ սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց տրամադրուած են զինծառայողներուն եւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն: Պայմանագրային զինծառայողին ծառայութեան վայրինմէջ ծառայողական բնակարանով չապահովուելու պարագային այլ բնակելի տարածութիւն վարձակալելու փոխհատուցման գումարներու չափը բարձրացած է միջինը 24%-ով»,- ըսած է Փաշինեան: