Վստահ Եմ, որ ԱՀ-ի Մէջ Աւելի Բարձր Տնտեսական Ցուցանիշներ Պիտի Ունենանք. ՀՀ ԿԴ Նախագահ

Հայաստան

ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ կառավարութեան անդամներու եւ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Մայիս 4-ին, տեղի ունեցած հանդիպումը նուիրուած էր Արցախի տնտեսութեան մէջ դրամատնային համակարգի ներգրաւուածութեան:

Հանդիպումէն ետք, ըստ Artsakhpress.am-ի, այս  մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան:

«Խորհրդակցութեան ներկայ էին աւելի քան 10 դրամատուներու ղեկավարներ, որոնք արդէն ներգրաւուած են ԱՀ տնտեսութեան մէջ: Մենք քննարկած ենք Արցախի տնտեսութեան մէջ նոր գործիքներու եւ նոր ճարտարագիտութիւններու կիրառման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ դրամատնային ծառայութիւնները օգտուողներուն աւելի հասանելի դարձնելու վերաբերեալ հարցերու: Անդրադարձած ենք նաեւ շարք մը նոր ծրագրերու, մասնաւորապէս, ԱՀ իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուած են բնակարանաշինութեան նոր ծրագրերը: Այս հանդիպումը նոր աշխուժութիւն հաղորդած է ոլորտի պատասխանատուներուն: Վստահ եմ, որ աւելի բարձր տնտեսական ցուցանիշներ պիտի ունենանք տարուան վերջը, եւ մեր ներգրաւուածութիւնը աւելի շատ պիտի ըլլայ ԱՀ տնտեսութեան մէջ»,- մասնաւորապէս նշած է ՀՀ ԿԴ նախագահը: