Յունաստանի ΕΡΤ Պետական Հեռատեսիլը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհ, Սփիւռք

Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 Ապ­րի­լի կէ­սօ­րին, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ ­տա­րե­լի­ցին առ­թիւ, յու­նա­կան ΕΡΤ պե­տա­կան հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նը, իր կէ­սօ­րո­ւան «Ωρα Ελλάδος» յայ­տագ­րէն հիւ­րըն­կա­լեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նը։

Յայ­տագ­րի ընդար­ձակ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ընկ. Ք. Է­քի­զեան ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Յայ­տա­գի­րը ներ­կա­յաց­նող լրագ­րող ­Նի­քոս Ա­կե­լի­տի­սի հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով, ­Հայ Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընդգ­ծեց ­Թուր­քիոյ մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ ցարդ կա­տա­րո­ւած ճա­նա­չում­նե­րու շար­քը, թո­ւե­լով մեծ թի­ւով եր­կիր­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու ճա­նաչ­ման ո­րո­շում­նե­րը ու յատ­կա­պէս՝ Յու­նաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նի պատ­մա­կան ո­րո­շու­մը։

Ա­ռի­թը ե­ղաւ զրու­ցե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով ա­նոր կազ­մա­կերպ կեան­քի բո­լոր ե­րես­նե­րը՝ իր կա­ռոյց­նե­րով, միու­թիւն­նե­րով եւ մա­մու­լով։ ­Յա­տուկ կեր­պով նշո­ւե­ցան հայ եւ յոյն դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան ո­լորտ­նե­րը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Զ­րոյ­ցի ա­ւար­տին, ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին ծրագ­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցի նշու­մին հա­մար։ Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, միա­ժա­մա­նակ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան տե­սա­նիւթ մը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու զա­նա­զան գա­ղութ­ներու մէջ ծա­ւա­լած  հա­յոց պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։

«Ազատ օր»