Յու­նաս­տա­նի Մարզ­պե­տա­կան, Քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու Զի­նո­ւո­րա­կան Բարձ­րա­գոյն Ղե­կա­վա­րու­թեանց Ներ­կա­յու­թեամբ Յատ­կան­շո­ւե­ցաւ՝ Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ Տա­րե­լի­ցի Ո­գե­կո­չու­մը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք
Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104-րդ ­տա­րե­լի­ցի քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 21 Ապ­րիլ 2019ին, «­Վե­լի­տի­ս» սրա­հէն ներս, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պե­տա­րա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, սրա­հը ծայ­րէ ծայր լե­ցու­ցած ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մարզ­պե­տա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեանց ներ­կա­յու­թեամբ։ ­Ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, գա­ղու­թի ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու բո­լոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ու յոյն եւ հայ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ։
Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղաւ ­ներ­քին գոր­ծոց փոխ նա­խա­րա­րու­հի Է­լէֆ­թէ­րիա ­Խա­ծիեոր­ղիու, իսկ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ներ­կա­յա­ցուց ­Նի­քո­լաոս ­Փա­րաս­քէ­վո­փու­լոս։
Պա­հան­ջա­տի­րա­կան պատ­գամ­նե­րով լե­ցուն էին յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը, ո­րոնք յոյն ժո­ղո­վուր­դի եւ պե­տու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով   հա­յու­թեան ար­դար դա­տին, միա­ժա­մա­նակ դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը։
Ող­ջոյ­նի ­Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան (­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ) փոխ նա­խա­րար Է­լէֆ­թէ­րիա ­Խա­ծիեոր­ղիու, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ ­Մարզ­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­գոս­թաս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­զա­յին շրջա­նի փոխ մարզ­պետ ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ Եա­նիս ­Պու­թա­րիս, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մօտ Ֆ­րան­սա­յի ընդ­հա­նուր հիւ­պա­տոս ­Ֆե­լի­փէ ­Ռէ եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Փաւ­լի­նա ­Չե­մի­նեան։
Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­Հայ ­Դա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Տա­րօն ­Տէ­րէ­յեան, որ նշեց, թէ ան­գամ մը եւս հա­մախմ­բո­ւած ենք յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու հայ ազ­գի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Յատ­կան­շա­կան էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մօտ Ֆ­րան­սա­յի ընդ­հա­նուր հիւ­պա­տոս ­Ֆե­լի­փէ ­Ռէ­յի ող­ջոյ­նի խօս­քը, որ մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լով ֆրան­սա­հա­յու­թեան աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւ­նը երկ­րէն ներս, կա­րե­ւո­րեց ֆրան­սա­կան մշա­կոյ­թի եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ հա­յու­թեան ներդ­րու­մը, որ­պէս թան­կա­գին ու նշա­նա­կա­լից ներ­կա­յու­թիւն։ Ան մէջ­բե­րեց նաեւ Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Է­մա­նո­ւէլ Մաք­րո­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր կ­’ը­սէր թէ Ֆ­րան­սան այդ եր­կիրն է, որ դէմ յան­դի­ման կը յանդգ­նի նա­յիլ իր պատ­մու­թեան, մինչ ա­ռա­ջի­նը ե­ղած է միշտ, որ դա­տա­պար­տած է հայ ազ­գի դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը։ «Ֆ­րան­սան ա­ռա­ջին իսկ պա­հէն որ­պէս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շեց հա­յու­թեան դէմ զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դը եւ 2001էն պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցաւ այն։ ­Ներ­կայ հրա­մա­նագ­րով նաեւ Ապ­րիլ 24ի օ­րը որ­պէս պե­տա­կան օ­րէնք ամ­րագ­րեց» ը­սաւ ան։
Ֆ­րան­սա­յի ընդ­հա­նուր հիւ­պա­տո­սէն զատ, ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղան նաեւ ­Կիպ­րո­սի եւ ­Պուլ­կա­րիոյ հիւ­պա­տոս­նե­րը եւ ­Լե­թո­նիա­յի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը։
Ձեռ­նար­կը ի­րեն ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին հել­լէն խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ Ա­թա­նա­սիոս ­Վար­տա­լիս, ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Կիւ­լե­քաս, Ս­թաւ­րոս ­Գա­լա­ֆա­թիս, ­Թէո­տո­րոս ­Քա­րաօղ­լու, ­Մա­րիա ­Քո­լիա-­Ցա­րու­խա, Եա­նիս ­Սա­րի­տիս, Ա­լեք­սանտ­րոս Թ­րիան­տա­ֆի­լի­տիս, քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու­ներ, ինչ­պէս նաեւ պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Բա­նա­խօ­սու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց ինս­թի­թու­թի տնօ­րէն պրն. ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Ֆի­լիս, «­Թուր­քիա, Quo Vadis. Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ ներ­քին յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­ներ՝ Էր­տո­ղա­նի օ­րո­վ» նիւ­թով։
Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Քա­լա­մա­րիա­յի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ­Ֆի­լար­մո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը եւ երկ­սեռ երգ­չա­խում­բը, ­Քու­քա­սի խմբա­վա­րու­թեամբ եւ սո­լիստ ­Թա­լիա ­Մաւ­րի­տո­ւի ե­լոյ­թով։
Յա­ջոր­դեց քայ­լար­շաւ եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում Գ՛ զօ­րա­բա­նա­կի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։