Աստղաշէն եւ Շոշ գիւղերը Պիտի Ունենան Նոռակառոյց Մանկապարտէզներ

Հայաստան

Սեպտեմբերին Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն եւ Շոշ համայնքներուն մէջ շահագործման պիտի յանձնուին նորակառոյց մանկապարտէզները:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է Ասկերանի կրթութեան բաժնի վարիչ Կառլեն Մայիլեան` նշելով, որ շրջանի  19 համայնքներուն մէջ արդեն կան մանկապարտէզներ, ուր կը յաճախէ 425 երեխայ:

Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան տեխնիկական հսկիչ Ազատ Համբարձումեան ըսած է, որ Արցախի պետական ամավարկով իրականացուող Աստղաշէնի մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքները սկսած են 2018-ին: Ան մէկ յարկանի շինութիւն է` նախատեսուած 30 երեխաներու համար: Աշխատանքներուն մեծ մասը աւարտած  է, ներկայիս կ՛իրականացուի ներքին յարդարման  աշխատանքները, որուն աւարտէն ետք պիտի բարեկարգուի նաեւ մանկապարտէզին տարածքը:

Իսկ  Շոշ համայնքի մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքները, որոնք կը համաֆինանսաւորուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետական ամավարկին կողմէ,  սկսած են 2018 թուականէն: Մանկապարտէզի շէնքը մէկ յարկանի է` նախատեսուած 50 երեխայի համար:  Այժմ կ՛իրականացուի արտաքին յարդարման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքները, յայտնած է գիւղապետ Էրիկ Աբրահամեան։