Պէյրութի Մէջ Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք` մասնակցութեամբ Լիբանանի համայնքապետներուն:

Տէրունական աղօթքով սկսած ոգեկոչման ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար լիբանանահայ եւ Լիբանանի համայնքապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, որ այդ ցնցիչ արհաւիրքին կողքին ապրելու կամք տուաւ մեր մայրերուն եւ հայրերուն, որոնց գոյատեւելու վճռականութեան շնորհիւ յարութիւն առաւ ազգ մը, որուն զաւակները Հայոց ցեղասպանութենէն 104 տարի ետք տակաւին կը յիշեն ու կը պահանջեն:

Խորհրդաւոր էր մթնոլորտը, շարականներ, աղօթքներ, խօսքեր, խունկ ու մոմ, յարգանք, սակայն անպայման` պահանջատիրութիւն:  Յատկանշական էր նաեւ այն, որ այս բոլորին իրենց մասնակցութիւնը բերին հոգեւորականներ, որոնք կը ներկայացնէին երէց սերունդը, երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ` ներկայ սերունդը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը` մեր ապագան:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն անունով արաբերէնով խօսք առաւ Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան, որ ըսաւ, թէ 24 ապրիլ 1915-ը հայոց պատմութեան մէջ ճակատագրական եւ վճռորոշ թուական մըն է, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը քալեց դէպի նահատակութեան գողգոթայ, համտեսեց ամէն տեսակ անարդարութեան, չարչարանքի եւ արհաւիրքի դառն բաժակէն, դիմագրաւեց ստոյգ մահը, մինչ աշխարհի պետութիւններ իրենց իշխանութեան սահմանները ընդարձակելով զբաղած էին: Ան հաստատեց, որ ահա 104 տարի ետք հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն տակաւին կենդանի է, այլեւ կը շարունակէ կառչած մնալ իր արդար դատին` պահանջելով ճշգրիտ լուծում, իրաւունքներու վերատիրացում: Ըստ անոր, հայութիւնը երբեք պիտի չընկրկի, մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տայ:

Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան դիտել տուաւ, որ այսօր ալ ականատես ենք բազմատեսակ սպանդներու ու ոճրագործութիւններու, հակառակ անոր որ դարերը փոխուեցան, բայց եւ այնպէս ոճիրի ու սպանդի մշակոյթը կը մնայ թրքական մտածողութեան հիմքը: Արդարեւ, ան նշեց, որ թէեւ ազգեր կը շարունակեն պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու ի խնդիր, բայց եւ այնպէս Թուրքիա կը փորձէ լռեցնել այդ ձայները` աւելցնելով, որ ինչ ալ կատարուի ո՛չ հայերը, ո՛չ ալ լիբանանցիները կրնան մոռնալ այն ոճիրները, զորս գործեցին թուրքերը իրենց հաշուոյն, ինչպէս նաեւ յաջորդող սերունդներ կը շարունակեն մնալ տէրը իրենց դատին, ճակատագիրին` միշտ ձգտելով կերտել լուսաւոր ապագայ, որ հիմնուած է մարդկային վեհ սկզբունքներու, արդարութեան, շրջանին մէջ արժանապատուութեամբ ապրելու առաջադրանքին վրայ:

Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան ըսաւ, թէ Թուրքիա այսօր կը փորձէ քաղաքակիրթ ձեւանալ, սակայն անոր պատմութիւնն ու մշակոյթը լի են ժողովուրդները բռնագաղթի ենթարկելու, զանոնք ոչնչացնելու եւ մահուան հետ կողք-կողքի քալելու քաղաքականութեամբ ու արարքներով: Իր խօսքին վերջին բաժինով ան հաստատեց, որ հայ երիտասարդներն ու ուսանողները նեցուկ են շրջանին մէջ իրենց դատերուն համար պայքարող ժողովուրդներուն, որոնց իրաւունքներու խլման, զանոնք արմատախիլ ընելու փորձեր կը կատարուին` բարձրաձայն գոչելով, որ կը մերժենք անարդարութիւնը, բռնագաղթը, ցեղասպանութեան նոր ծրագիրներ, եւ կը հաստատենք, որ կառչած ենք մեր սրբազան դատին, որուն պահանջատիրութեան պէտք է միանան շրջանի երկիրները միասնաբար: «Եթէ տեսնես, թէ անարդարը կը շարունակէ իր անարդարութիւնը, գիտցի՛ր, որ իր վախճանը վճռուած է, իսկ եթէ տեսնես, որ անարդարութեան ենթարկուածը կը շարունակէ դիմադրել եւ պահանջել, գիտցի՛ր, որ անոր յաղթանակը վճռուած է», հաստատեց Վանայ-Բալիկ Չաքմաքճեան:

Ապա հայերէնով երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան խօսքը ուղղեց Տիգրան Միհրանեան, որ նկատել տուաւ, թէ 24 ապրիլը ուխտի եւ յանձնառութեան վերանորոգման եւ ճանաչման ու հատուցման պայքարին մէջ անշեղ եւ հաստատուն մնալու պատասխանատուութեան վերահաստատման օր է: Ան դիտել տուաւ, որ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր ըլլալու իր հանգամանքով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժամանցելիութեան վարկածի եւ քաղաքական ոտնձգութիւններու ենթակայ չէ, այլ պէտք է դատավճիռ արձակուի ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ:

Տիգրան Միհրանեան յայտնեց, որ թէեւ 24 ապրիլին կը վերանորոգենք մեր ուխտը, սակայն ասիկա լոկ խորհրդանշական օր է, որովհետեւ պահանջատիրութիւնը ամէնօրեայ օրակարգ է, այնքան ատեն որ ցեղասպան Թուրքիան չէ ճանչցած իր ոճիրը, կը շարունակէ իրականութիւնները խեղաթիւրել, ճշմարտութիւնը ծածկել: Ըստ անոր, եթէ Թուրքիան չխոստովանի իր նախնիներուն կատարած սպանդները` հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն, եզիտիներուն, քզլպաշներուն հանդէպ, համամարդկային արժէքներու հաւատացող երկիր չի կրնար նկատուիլ, որովհետեւ բռնապետութիւնը երբեք չի կրնար ժողովրդավարութիւն ըլլալ:

Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը լոկ հայութեան հանդէպ գործուած ոճիր չէ, այլ ամբողջ մարդկութեան դէմ, այդ պատճառով ալ աշխարհի տարբեր երկիրներ եւ ազնիւ ժողովուրդներ կը զօրակցին մեր արդար դատին, իսկ մենք` իբրեւ երախտագէտ ժողովուրդ, պարտաւոր ենք սատարելու բոլոր իրաւազրկուած, հալածուած ժողովուրդներու իրաւունքներուն:

Խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` Տիգրան Միհրանեան ըսաւ. «Մենք ենք մեր ազգին յոյսը եւ ապագան, մենք պիտի դառնանք ապագայի զինուորները, որոնք պիտի պաշտպանեն հայրենիքը եւ Արցախի սահմանները, մենք պիտի դառնանք ապագայի մանկավարժներն ու ուսուցիչները, իրաւաբաններն ու գիտնականները եւ վերջապէս ազգի գոյատեւումը երաշխաւորողներն ու պահանջատէրները: Ահա այս իմաստով մեր ուսերուն դրուած է մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Նախորդ սերունդներէն մեզի փոխանցուած անաւարտ առաքելութիւնը շարունակելու ուխտն է, որ այսօր, այստեղ կը կատարենք»:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Թէքէեան» երիտասարդական նուագախումբի անդամները` դաշնակ եւ ջութակ, Յովիկ Քարախանեան` ջութակ, Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական եւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբերը, որոնց դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ  Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, եւ որոնք շատ տպաւորիչ, յուզիչ եւ ազդեցիկ պահեր շնորհեցին ներկաներուն:

Աւարտին իր պատգամը յղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ այս աղօթքը նկատեց ժամադրութիւն մը մեր ու մեր սուրբ նահատակներուն միջեւ` դիտել տալով, որ եկեղեցին մեր նահատակներու ոգեղէն ներկայութեամբ հայացած է եւ մեզ կապած մեր անցեալին, ներկային եւ ապագային: Ըստ անոր, երիտասարդական այս հաւաքը կը վստահեցնէ բոլորին, որ այնքան ատեն որ մենք պահանջատէր ու գիտակից երիտասարդութիւն ունինք, մեր նահատակները իրենց սրբազան կայքէն պիտի օրհնեն մեզ, եւ մեր պահանջատիրութիւնը նահանջ չի կրնար արձանագրել: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ թէեւ ապրիլ 24-ը տարին մէկ անգամ կու գայ իբրեւ թուական, սակայն անիկա իբրեւ խորհուրդ ու պատգամ կ՛ընդգրկէ մեր ամբողջ պատմութիւնը: Անդրադառնալով հաւաքին ընթացքին Յովհաննու աւետարանի այն հատուածին, ուր Յիսուս կ՛ըսէր, թէ Ինք է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը` Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Այդ հաստատումը փոխ առնելով եւ հայկականացնելով, մենք մեր սուրբ նահատակներու 104-րդ տարելիցի խորհուրդին դիմաց կ՛ըսենք` մեզի համար Քրիստոսով ապրած ու նահատակուած մեր սուրբ հայրերը եւ մայրերը մեր ճանապարհն են, մեր ճշմարտութիւնն են եւ մեր կեանքն են»:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը մատնանշեց, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ստացաւ նոր իմաստ` նահատակներու սրբադասումով, որովհետեւ այդպիսով սրբադասումն ու պահանջատիրութիւնը իրարու ագուցուեցան ու մեզի տուին առաւել ուժականութիւն, առաւել վստահութիւն` յայտարարելու, թէ ինչպէս իրենց հաւատքի ու հայրենիքի համար նահատակուեցան, մենք ալ կ՛ապրինք, կը պայքարինք, կը գոյատեւենք անոնց համար:

Խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով` Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ սուրբ նահատակներուն պատգամը այն է, թէ հայութեան համար բոլոր ճամբաները Հայաստան կը տանին. «Աշխարհի վրայ ո՛ւր ալ ըլլանք, մեր ճամբաները մեզ կը տանին դէպի մեր հայրենիքը, հայրենիք մը, որ մեր հերոս ժողովուրդին ջանքերով, կեանքով, տեսիլքով, վճռակամութեամբ եւ արեան նահատակութեամբ ոռոգուեցաւ, եւ չի կրնար, նոյնիսկ եթէ այսօր քարտէսի վրայ կոտորակուած է ան, մէկ ամբողջութիւն չկազմել մեր հոգիներուն, սրտերուն, միտքերուն եւ մեր նուիրական պահանջատիրութեան մէջ»: Ան ողջունեց պահանջատէր երիտասարդութիւնը` հաստատելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ հաստատ քայլերով, աննկուն կամքով մենք անպայմանօրէն աշխարհի բոլոր ճամբաներէն պիտի երթանք դէպի մեր պատմական եւ ամբողջական հայրենիքը` աւելցնելով, որ միաժամանակ մեր ուսերուն դրուած է գիտակից պատասխանատուութիւնը, որ երբ մենք կը քալենք աշխարհի ճամբաներէն եւ կ՛ապրինք մեր հայադրոշմ, քրիստոնէական, պահանջատիրական կեանքը, մենք պատգամաբերները կը մնանք ճշմարտութեան, որ այսօր մեր արդար դատն է, բոլոր հայերուն պատկանող դատը, որուն զինուորեալ մարտիկներն ենք բոլորս հաւաքաբար: Ան կոչ ուղղեց ճշմարտութեան,  արդարութեան, իրաւունքի եւ պահանջատիրութեան դրօշը պարզած քալելու հաստատակամօրէն եւ տէր դառնալու մեր անբռնաբարելի իրաւունքներուն եւ արդար դատին: