Հայ Պատուիրակը ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Հարցը Բարձրաձայնած է

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի նիստին՝ հայկական պատուիրակութեան անդամ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Վլատիմիր Վարդանեան օգտագործած է այդ հարթակը` բարձրացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հետ կապուած համապատասխան գործելակերպ որդեգրելու հարցը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ԱԺ-ի մէջ պատուիրակութեան անդամներու հրաւիրած ասուլիսին ընթացքին՝ այս մասին խօսած է Վարդանեանը:

«Օրակարգոով ընդգրկուած էր ատելութեան խօսքի հետ կապուած բաւական լուրջ հատուած: Եւ ատոր ծիրէն ներս՝ ես, իմ ելոյթին մէջ, անդրադարձ կատարած եմ ատելութեան խօսքին: Ոչ մէկ ցեղասպանութիւն հնարաւոր է իրագործել առանց ատելութեան խօսքի: Ի դէպ՝ հարց բարձրացուեցաւ առ այն, որ թէ 100 տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն, այդուհանդերձ մենք Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ կը բախինք հայատեացութեան տարբեր դէպքերու: Եւ այս տեսանկիւնէն մենք պիտի օգտագործենք այս հարթակը` պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հետ կապուած համապատասխան գործելակերպ որդեգրել, եւ պիտի փորձենք մեր ելոյթներուն ու գործունէութեան միջոցով հնարաւորինս նուազեցնել յետագային որեւէ ցեղասպանութեան իրագործման հնարաւորութիւնը»,- ըսած է Վարդանեան:

Ան նշած է, որ անդրադարձ եղած է ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ այլ ցեղասպանութեան դէպքերուն, օրինակ, Ռուանտայի` հաշուի առնելով, որ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կը տրուի նաեւ ցեղասպանութան յանցագործութիւններու կանխարգելման: