«Ճանաչում եւ Դատապարտում. Երիտասարդ Թուրքերի Դատավարութիւններ»ու Գիրքի Ներկայացում ՝ Պոսթընի Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի Ապրիլ 10-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Պոսթընի մասնաճիւղին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճանաչում եւ Դատապարտում. երիտասարդ թուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921 Եւ 1926 թուականներուն) » (Acknowledgement and Condemnation: The Trials of the Young Turks in 1919-1921 and 1926) անգլերէն գիրքի շնորհանդէսը, կը հաղորդէ “Հայրենիք” շաբաթաթերթը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արեւիկ Գաբրիելեան եւ խորհրդատու Նանոր Պարսումեան, Պոսթընի մասնաճիւղի եւ ընթերցասէր գաղութի անդամներ: Բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Խաժակ Մկրտիչեանը։ Ապա, փոխատենապետ Վերժինի Թուլումեան ծանօթացուց ներկաներուն թրքագէտ՝ դոկտ, Մելինէ Անումեանի կենսագրութիւնը, որ բեմ բարձրանալով, սահիկներու ներկայացումով խօսեցաւ գիրքի բովանդակութեան մասին։ Գիրքը  կը ներակացնէ 1919-1921 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ, հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով յարուցուած դատական գործերու եւ 1926-ին Թուրքիոյ անկախութեան օրերուն, դատարաններուն մէջ կայացած երիտասարդ թուրքերու դատավարութիւններու ուսումնասիրութիւնները: Դատավարութիւններու փաստաթուղթերը ներկայացնելով, ան նշեց, թէ բազմիցս կ’օգտագործուին «տեղային եւ զանգուածային բազմաթիւ սպանութիւնները» բացատրութիւնը, որ կը բնութագրէ 1946-ին Ռաֆայէլ Լեմքինի ներկայացուցած «Ցեղասպանութիւն» բառը:

Առ այդ, Անումեան յայտնեց, թէ թրքական կառավարութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է այս դատավարութիւններուն ընթացքին եւ նոյնիսկ հետաքննութիւններ կայացուցած պատասխանատուներու նկատմամբ: Ան լուսաբանեց ներկաներուն երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը եւ կեդրոնանալով 1919-1921-ի դատավարութիւններուն վրայ, խօսեցաւ, թէ կատարուած են 63 դատավարութիւններ, արձակուած քսան մահավճիռներ, որոնցմէ միայն իրագործուած են երեքը: Շարունակելով իր ներկայացումը ան յայտնեց, թէ թէեւ թրքական կառավարութիւնը իր որոշումները չկատարեց ցեղասպաններուն նկատմամբ, արդար վճիռը իրենց տրուած է “Նեմեսիս”-ի գործողութեան արդարադատ բազուկներու կողմէ: Ան հոս նաեւ կ’անդրադառնայ, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ այս ցեղասպան պարագլուխները հերոսացած են, նոյնիսկ արժանացած են յուշարձաններու եւ շատ մը փողոցներ ու դպրոցներ կրած են իրենց անուները:

Անումեան բացատրեց նաեւ, թէ ան ուսումնասիրած է 1926-ի դատավարութիւնները եւ ընդգրկած է գիրքին մէջ, որպէսզի ընթերցողները կարենան բաղդատել երկու դատավարութիւններուն, որ ընդհանրապէս եղած են տարբեր, այն առումով, որ 1919-1921-ի դատավարութինը եղած է աւելի մեղմ եւ սանձարձակ:

Ապա, Համազգայինի Պոսթընի մասնաճիւղի անդամ Վարանդ Չիլոյեան ներկայացուց գրքի թարգմանիչ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր երջանկայիշատակ Արա Գաբրիելեանի կենսագրականը: Թարգմանութեան անաւարտ ձեռագիրը ամբողջացուցած է, իր կողակիցը՝ Համազգայինի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Արեւիկ Գաբրիելեան, որ բեմ հրաւիրուեցաւ եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Անումեանի գիրքին բովանդակութիւնը՝ անգլերէնով: Իր խօսքին մէջ, ան նաեւ անդրադարձաւ առաջին հրատարակութեան գիրքի կողքի նկարին մասին որ կտրուած գրիչ մըն է, որ խորհրդանշական ձեւով դատախազները այդպէս կը կատսրէին, երբեք նմանօրինակ դատավճիռ մը չարձակելու միտումով:Ներկայացումներէն եւ հարց-պատասխաններէն ետք, հեղինակը եւ խմբագիրը մակագրեցին գիրքի օրինակները՝ ներկաներուն համար:

Նշենք թէ, Անումեանի գիրքը հրատարակուեցաւ 2013-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէն, իսկ անգլերէնի տարբերակը՝ 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանի, «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի մատենաշարի միջոցաւ եւ թրքերէն տարբերակը՝ «Փէնճերէ» հրատակչականին կողմէ: